ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԷՐԻԼԷՆՏԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) մէջ անորտօնախմբութեան առթիւ։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը սարկաւագներ ձեռնադրեց Օննիկ Մութաֆեանը եւ Գաբրիէլ Աբգարեանը։ Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտեց կարեւորութիւնը սարկաւագութեան էութիւնը կազմող ծառայութեան, որուն գերագոյն օրինակը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան յայտնեց, թէ ո՛չ միայն եկեղեցական, այլ որեւէ ասպարէզէ ներս որեւէ պաշտօնի վրայ գտնուող անձնաւորութիւն, երբ իր պարտականութիւնը կատարէ ծառայութեան ոգիով, համայն մարդկութեան կեանքի ուղղութիւնը կը փոխակերպուի, կը բարգաւաճի դէպի լաւագոյնը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 60-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը Պեթեստայի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ։ Վիվիան Չաքարեան երգեց ազգային քայլերգները, որմէ ետք հանդիսավար տիկ. Լիզա Սարգիսեան-Թաթարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Այնուհետեւ, խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ օր. Անահիտ Տէրտէրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, որոնք առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցին եկեղեցւոյ մարմիններու ծառայութեան եւ ժողովուրդի աջակցութեան համար, ապա պարզեցին կառուցուելիք եկեղեցւոյ հանգրուանային ընդհանուր պատկերը։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրը յանձնեց տիկ. Հեղուշ Շղրեանին՝ եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութեան համար։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց գաղութի բաղկացուցիչ եկեղեցական մարմիններու թէ քոյր կազմակերպութեանց համագործակցութիւնը, ապա շեշտելով հրամայականը նոր եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ կեդրոնի կառուցման, ըսաւ. «Այն համայնքները եւ ժողովուրդները, որոնք կը թաղեն իրենց երազները, ժամանակի ընթացքին կը դատապարտուին հիւծման»։ Ուստի, կոչ ուղղեց ներկաներուն, որպէսզի հաւատքով եւ յոյսով լծուին եւ շինարարական այս հոյակապ ծրագիրը իրականացնեն իրենց բոլորանուէր օժանդակութեամբ։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։