Featured, Առաջնորդարանէն, Մեր դպրոցներէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 40-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ 500.000 ՏՈԼԱՐԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) 40ամեակին առիթով աւելի քան 500 հոգի հաւաքուած էին Hyatt Regency պանդոկը (Գեմպրիճ, Մէսէչուսէթս)։ Ձեռնարկին առթիւ 500.000 տոլարի ​արժողութեամբ նուիրատուութիւններ կատարու​ած էին։ Ս. Ստեփանոս վարժարանը Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գտնուող միակ ամէնօրեայ դպրոցն է։

Տիկ. Հուրի Պոյամեան՝ վարժարանի պատուակալ տնօրէնուհին, որ վերջերս հանգստեան կոչուած էր 35 տարուան նուիրեալ ծառայութենէ ետք, մեծարանքի արժանացաւ ձեռնարկի ընթացքին։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց վարժարանի շրջանաւարտ Քրիսթինա Այանեան, որ 2023 թուականին մտած է «Ֆորպզ» հանդէսի 30 տարեկանէն վար 30 յաջողագոյն անձերու ցուցակին մէջ։ Խօսք առաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ վարժարանի նախագահ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Մէրի Փափազեան։ Գեղարուեստական յայտագրին ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Անճելինա Նազարեան։ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան անդրադարձաւ տիկ. Պոյամեանի վաստակին։ Մեծարեալին նուիրուած տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, զոր պատրաստած էր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան։

Տիկ. Պոյամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որ աջակցած են դպրոցի զարգացման, ընդգծելով մնայուն զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս շրջանաւարտներու կողմէ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ դպրոցի իրագործումներուն ու հայկական ինքնութիւնը խրախուսելու դերին։ Պրն. Մայքլ Կիւզէլեան՝ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետը, պարզեց նոր դպրոցաշէնքի մը հետ կապուած ծրագիրները եւ վարժարանի աճը ապահովելու ուղղուած դրամահաւաքի ընթացքը։

Փակման իր խօսքին մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան էական դերը մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ ապագայ ղեկավարներու կազմաւորման մէջ։ Ան դրուատեց տիկ. Պոյամեանի բացառիկ վաստակը Եղեռնէն ճողոպրած ողբացեալ հօր՝ Գառնիկ Բանեանի նման, որ ո՛չ միայն եղած էր դաստիարակ, այլ աւելին՝ հայրական գուրգուրանք ցոյց տուած իր աշակերտներուն հանդէպ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բարձրօրէն գնահատելով գաղութէն ներս տիրող համագործակցութիւնը բոլոր յարանուանութեանց եւ կազմակերպութեանց, կոչ ըրաւ, իրենց երազներու կարկինը լայն բանալով, որ ծրագրեն եւ գործադրեն նախակրթարանէն աւելի բարձր մակարդակով կրթական օճախի մը շինութիւնը։

Երեկոյթը աւարտեցաւ երախտագիտութեան ու լաւատեսութեան արտայայտութիւններով, որոնց գործնական դրսեւորումն էր գոյացած կէս միլիոն տոլարի գումարը, որ խորհրդանիշն էր համայնքի յանձնառութեան հանդէպ իր միակ ամէնօրեայ վարժարանին։