Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի արդէն աւանդական դարձած Գոհաբանական տօնախմբութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Թեմէն ներս 40-ամեայ ծառայութեան։

Առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), որուն պիտի հետեւի ճաշկերոյթը Terrace on the Park սրահին մէջ։ Երկու ձեռնարկները գոհաբանանական մատուցման դրսեւորումներ են ի նշան Անուշաւան Արքեպիկոպոսի մնայուն նուիրումին մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 12-ամեայ ծառայութենէ ետք, Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ 1984-ին, այնուհետեւ ծառայելով Արեւելեան Թեմին իբրեւ քարոզիչ, հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ եւ հուսկ՝ Առաջնորդ, 2018-էն ետք։ Եկեղեցական իր տարբեր պաշտօններուն կողքին, ան եղած է կազմակերպիչ, դաստիարակ ու դասախօս, նաեւ իր բաժինը բերելով մեր համայնքի ազգային, մշակութային ու ընկերային գործունէութեան։ Ան իր հօտին յարգանքին ու համակրանքին արժանացած է շնորհիւ իր հեզահամբոյր նկարագրին ու տքնաջան աշխատանքին։

Սաղմոսերգուին խօսքը՝ «Տէրը իմ հովիւս է», հանդիսութեան նշանաբանն է, որ միաժամանակ կը շեշտէ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովուական խնամքն ու մեր համայնքին անյողդողդ առաջնորդութիւնը, որ անոր պաշտօնավարութեան շրջանին յատկանշուած է բազմաթիւ յաջողութիւններով ու մարտահրաւէրներով, ինչպէս նաեւ հաւատքի դերը մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու առաքելութեան մէջ։

Թեմիս զանազան շրջաններէ հիւրեր պիտի մասնակցին Կիրակի օրուան պատարագին ու տօնախմբութեան, գնահատելու համար Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի 40-ամեայ նուիրեալ ծառայութիւնը։ Շատեր ալ, որոնք անձամբ մասնակցելու կարելիութիւնը չունին, իրենց թանկագին նուիրատուութեամբ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը։