ՌՈԶԻ ՎԱՐԴ (ծնունդ՝ 22 Նոյեմբեր, 1923)
Ֆրանսահայ դերասանուհի Ռոզի Վարդ շուրջ 100 շարժանկարային եւ թատերական բեմադրութիւններու մասնակցած է։
Բուն անունով՝ Նուարդ Մանուէլեան, ծնած է Պոլիս, 22 Նոյեմբեր, 1923-ին։ Ընտանիքը Ֆրանսա բնակութիւն հաստատած է, երբ ան նորածին էր։
Ռոզի Վարդ գեղարուեստական անունը որդեգրելով, թատերական աշխարհի մէջ իր առաջին քայլերը տուած է 1958ին, երբ միացած է Ժան Վիլարի հիմնած Ազգային Ժողովրդական Թատրոնին։ Փարիզեան յայտնի թատերասրահներու մէջ խաղացած է, մինչեւ որ 1971-ին միացած է «Քոմէտի Ֆրանսէզ»ին։ Մասնակցած է աւելի քան 50 շարժանկարներու, որոնց շարքին՝ յայտնի բեմադրիչներ Ժան Ռընուարի, Ֆրանսուա Թրիւֆոյի, Անրի Վերնէոյի (Աշոտ Մալաքեան) եւ Գլօտ Սոթէի գործերուն։
Ռոզի Վարդի անունը յատկապէս հանրայայտ դարձած է շնորհիւ հեռատեսիլի երգիծական «Մակի» շարքին, որուն գլխաւոր երկու հերոսներէն մէկը ինքն էր։ Այս յայտագիրը մեծ յաջողութիւն գտած է եւ յաջորդական 333 բաժիններով ներկայացուած է 1985-1992 թուականներուն:
Շարժանկարի եւ թատրոնի դերերէն բացի, Ռոզի Վարդ ձայնագրած է քանի մը երգ։ 1989 թուականին մասնակցած է Շառլ Ազնաւուրի եւ Ժորժ Կառվարենցի համատեղ ստեղծագործութեան՝ «Քեզի համար, Հայաստան» երգի ձայնագրութեան, որուն եկամուտը յատկացուած է ի նպաստ Դեկտեմբեր 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի վերապրողներուն։
Վերջին դերը խաղացած է 2007-ին նկարահանուած «Հուպէրը եւ շունը» ֆրանսական ժապաւէնին մէջ։
Մահացած է 14 Յունուար, 2012-ին, Նէօյի-սիւր-Սէնի մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Տաճարին մէջ։