ԸՆԾԱՅՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
![](https://armenianprelacy.org/wp-content/uploads/2020/11/virgin-mary-temple.jpg)
Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Աստուածածնի Ընծայումը, որ Աստուածամօր նուիրուած ութը տօներէն մէկն է մեր տօնացոյցին մէջ։ Հինգերորդ դարուն, Եփեսոսի տիեզերական ժողովը հաստատած է Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը Աստուածամօր մասին։
Ս. Աստուածածնի Ընծայումի տօնը անշարժ է եւ միշտ կը նշուի 21 Նոյեմբերին։ Ան երեք տարեկանին ընծայուած է Աստուծոյ տաճարին իր ծնողներուն կողմէ, ուրկէ դուրս եկած է տասնհինգ տարեկանին՝ կուսական մաքրութեամբ։ Տաճարին մէջ անցուցած տասներկու տարիներուն ընթացքին, ան վայելած է Ս. Յովհաննէս Կարապետի հօր՝ Զաքարիա քահանայի խնամակալութիւնը։