Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ

Շաբաթ, 30 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Թադէոս ու Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Անոնք մեր Եկեղեցիին տուած են առաքելական նկարագիր եւ ճանչցուած են իբրեւ Հայաստանի առաջին լուսաւորիչներ։

Ս. Թադէոս Հայաստան եկած է քրիստոնէութիւնը քարոզելու 43 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է հարաւ-արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Թաղուած է Ս. Թադէի վանքը (Իրան), ուր 3րդ դարուն մատուռ մը շինուած է եւ մինչեւ այսօր տարեկան ուխտագնացութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ս. Բարթուղիմէոս Հայաստան ժամանած է աւելի ուշ՝ 66 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է Աղբակ գաւառի Հադամակերտ քաղաքին մէջ՝ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելքը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *