ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ (մահ՝ 8 Դեկտեմբեր, 1970)
Աբրահամ Ալիխանեան (ռուսերէն՝ Աբրամ Ալիխանով) կը նկատուի Խորհրդային Միութեան առաջնակարգ բնագէտներէն մէկը , որ կարեւոր մասնակցութիւն բերած է երկրի կորիզային ուժի զարգացման եւ ընդհանրապէս կարեւոր գիւտեր ըրած է իր մասնագիտութեան մէջ։
Ալիխանեան ծնած է 20 Փետուար, 1904-ին, Էլիզաւեթպոլի մէջ (պատմական Գանձակ, այժմ՝ Գեանջա, Ատրպէյճանի մէջ։ Աւարտած է Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերսպուրկ) բազմարուեստից հիմնարկը (1929)։ 1927–41-ին աշխատած է Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի բնագիտութեան եւ թեքնիքի հիմնարկին մէջ։
Առաջին աշխատութիւնները նուիրուած էին Ք. ճառագայթներու (X-ray) վերլուծման եւ բնագիտութեան։ 1934-ին սկսած է հետազօտել ճառագայթարձակումը եւ ճառագայթարձակ շողարձակումնեը։ 1930-ական թուականներուն կատարած է կարգ մը գիւտեր այս բնագաւառին մէջ, մէկ մասը եղբօր՝ Արտեմ Ալիխանեանի հետ։ 1939-ին Խորհրդային Միութիւններու Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է, իսկ 1943-ին՝ իսկական անդամ։
Ալիխանեան կազմակերպած է Կովկասի բարձրագոյն գագաթի՝ Էլպրուս լերան տիեզերական ճառագայթներու հետազօտման առաջին արշաւախումբը 1940 թուականին։ 1943-ին եղբօր հետ զբաղած է տիեզերական ճառագայթներու ուսումնասիրութեամբ (Արագածի տիեզերական ճառագայթներու հետազօտման կայանին մէջ) եւ անոնց հեղեղին մէջ յայտնաբերած է մեծ փրոթոններու հոսք, որ համաշխարհային առումով վճռական դեր խաղացած է տիեզերական ճառագայթներու բնագիտութեան ասպարէզին մէջ կատարուելիք հետագայ ուսումնասիրութիւններուն համար։ Նոյն տարին ընտրուած է Հայաստանի նորակազմ Գիտութիւններու Ակադեմիայի իսկական անդամ։
Ալիխանեան 1945–68-ին եղած է Ջերմաթեքնիք տարրալուծարանի (1957-էն՝ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի տեսական եւ փորձառական բնագիտութեան հիմնարկ) տնօրէնը։ Ան եւ իր աշխատակիցները ստեղծած են ծանր ջրային դանդաղեցուցիչով առաջին կորիզային ռէաքթորը Խորհրդային Միութեան մէջ։
Ալիխանեան կորիզային բնագիտութեան խորհրդային դպրոցի հիմնադիրներէն մէկը եղած է։ Անոր նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ սկսած է Մոսկուայի արագացուցիչին կառուցումը 1961-ին, իսկ անոր ղեկավարութեամբ նախագծուած է նաեւ տասը անգամ աւելի ուժանիւթով արագացուցիչի կառուցումը։
Աբրահամ Ալիխեան երեք անգամ ստացած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը (1941, 1948, 1953) եւ պարգեւատրուած է զանազան շքանշաններով։ Մահացած է 8 Դեկտեմբեր, 1970-ին, Մոսկուայի մէջ։