Տօներ

Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԱՑ

Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Յիսնակի երրորդ Կիրակին է, կանխապատրաստելով  Քրիստոսի գալստեան տօնը, որ մեզի կը բերէ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անսահման սիրոյն պատգամը։ Յիսնակի մեծագոյն դէմքը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն է (տե՛ս Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններու 3րդ գլուխները)։ Սպասման այս շրջանը կը կոչուի Յիսնակ, որովհետեւ յիսուն օրեր կան մինչեւ Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը 6 Յունուարին։