Սուրբեր

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Ս. Աստուածածնի Յղութեան տօնը կը նշուի, որ Աստուածամօր նուիրուած ութը տօնական օրերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ։ Այս տօնը, որ միշտ կը նշուի 9 Դեկտեմբերին, Ս. Ծննդեան տօներուն Եկեղեցւոյ նախապատրաստութեան մաս կը կազմէ։ Հաւատացեալները կը ցնծան այս տօնին առթիւ, երբ կը յիշուի Մարիամ Աստուածածնի յղութիւնը՝ ի լրումն անոր ծնողներու աղօթքներուն։ Այս տօնին աստուածաշնչական ընթերցումներն են՝ Երգ Երգոց 6:3-8, Մաղաքիա 3:1-2, Գաղատացիներ 3:24-29, Ղուկաս 1:39-56։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *