Featured, Առաջնորդարանէն

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ԱՐԺՊ. Տ ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆ. ՇԻԹԻԼԵԱՆԸ ԱՒԱԳՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍՈՎ

Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս)։ Քարոզէն առաջ, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որով Վեհափառ Հայրապետը Աւագութեան տիտղոսն ու պատիւը կը շնորհէր Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանին, ի գնահատումն Արեւելեան Թեմէն ներս անոր քսանամեայ ծառայութեան։

Սրբազան Հայրը, վեր առնելով Տէր Հօր անձնուէր ծառայութիւնը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ, Թրոյի Սուրբ Խաչ եւ Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս, մաղթեց որ ան ժողովրդանուէր իր ծառայութիւնը շարունակէ Աստուծոյ փառքին համար։ Ապա մեկնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն, թէ ինչպէս կոչունքի մը մասնակցող մը երանի տուած էր անոր որ արժանի պիտի ըլլար Աստուծոյ Արքայութեան մէջ սեղանակից ըլլալ Քրիստոսի, յայտնեց, թէ քրիստոնեաներս ուխտաւորներ ենք մշտապէս Աստուծոյ ներկայութեան արժանի գտնուելու տեսլականով, որ կ՚իրագործուի Սուրբ Հոգիով զօրացած յանձնառութեամբ եւ հետեւողականութեամբ։ Ուստի, հրաւիրեց հաւատացեալները, որ միասնաբար այս գիտակցութեամբ ապրինք արժանի ըլլալու համար երկնից Արքայութեան մշտնջենական օրհնութեանց։