ԱՆԻ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԻՐ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ՄՈՒՐԱՏ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ
Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Մուրատ» ազգային վարժարանը ընդունեց Անի Նալպանտեանի այցելութիւնը Ան հեղինակած է «Քրիստոնեայ մանուկին այբ ու բենը» նորատիպ հատորը։ Վարժարանի համատնօրէն տիկ. Լալա Աթթարեան ներկայացուց հեղինակը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։
Տիկ. Նալպանտեան գիրքը ներկայացուց մանկապարտէզէն մինչեւ 2-րդ դասարան հարց ու պատասխանի ձեւով։ Աշակերտները մեծ ոգեւոութեամբ սորվեցան նոր բառապաշար եւ Յիսուսի ծննդեան մասին տեղեկութիւններ, քանի որ տիկ. Նալպանտեան կեդրոնացաւ Սուրբ Ծննդեան վրայ։ Հեղինակին կողմէ ընթերցանութեան պահը աւարտեցաւ ձեռային աշխատանքով, որուն ընթացքին աշակերտները մսուր շինեցին եւ իրենց հայերէնի բառապաշարը ճոխացուցին։