ԱՐՍԷՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 22 Դեկտեմբեր, 1882)
Արսէն Տէրտէրեան եղած է արեւելահայութեան մէջ արդի հայ գրականութեան պատմութեան առաջին մասնագէտներէն մէկը
Տէրտէրեան ծնած է 22 Դեկտեմբեր, 1882ին, Արցախի Շօշ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Շուշիի մօտերը։ Տարրական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին եւ ապա՝ Շուշիի հոգեւոր ճեմարանին մէջ (1892-1902)։ 1902-1905-ին ուսանած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ Աւարտելէ ետք, 1905-1907-ին գրականութեան պատմութիւն եւ տեսութիւն դասաւանդած է Շուշիի հոգեւոր ճեմարանին։ 1907-1909-ին ուսանած է Փեթերպուրկի հոգե-նեարդաբանական հիմնարկին մէջ, բայց հիւանդութեան պատճառով ուսումնառութիւնը կիսատ ձգած է եւ մեկնած՝ Հայաստան, ուր 1909-1920-ին դասաւանդած է Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ։
Իւրացուցած ըլլալով հոգեբանական դպրոցի սկզբունքները, Տէրտէրեան ծաւալած է գրականագիտական ու քննադատական գործունէութիւն հայ իրականութեան մեջ: Այդ շրջանին լոյս տեսած են «Վահան Տէրեան. ցնորքի, ծարաւի եւ հաշտութեան երգիչը» (1910), «Միքայէլ Նալբանդեան. ազգութեան հրապարակախօսը» (1910), «Յովհաննես Թումանեան, հայրենի եզերքի քնարերգուն» (1911) եւ այլ աշխատութիւններ:
1920-ին Ա. Տէրտէրեան հրաւիրուած է դասաւանդելու Երեւանի նորաստեղծ համալսարանը, ուր հիմնած է հայ գրականութեան ամպիոնը: 1929-ին նշանակուած է ամպիոնի վարիչ եւ 1930ին ստացած է փրոֆեսորի կոչում։ Մեծ ջանք գործադրած է գրականագիտական բարձրորակ կազմ պատրաստելու, հայ գրականութեան պատմութեան ծրագիրները մշակելու եւ դասաւանդութեան գիտական հիմքերը մշակելու։
1940-ին Տէրտէրեան արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման, իսկ 1943-ին՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճանին, առանց աւարտաճառի պաշտպանութեան։ Նոյն տարին նորաստեղծ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հիմնադիր անդամ ընտրուած է։
Ա. Տէրտէրեանի կարեւոր մենագրութիւններէն են՝ «Շիրվանզադէ. հայ ինտելիգենտի եւ ընտանիքի վիպասանը» (1911), «Աբովեանի ստեղծագործութիւնը» (1941, 1947), «Հայ կլասիկներ» (1944), «Վալերի Բրիւսովը եւ հայ կուլտուրան» (1944), «Պերճ Պռօշեան» (1955), «Շիրվանզադէի գրական տիպերի հանրագիտարան» (1959) եւ այլն:
Մահացած է 6 Հոկտեմբեր, 1953ին, Երեւանի մէջ: