Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՇԸՊԱՆ ՆԱՇ-ՄԱՐՇԱԼ (4 Յուլիս, 1965 – 12 Դեկտեմբեր, 2024)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խոր կսկիծով իմացան, որ 12 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ, 59 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ՝ փիլիսոփայ, դաստիարակ եւ հայ ժողովուրդի ու Արցախի անխոնջ պաշտպան։

Հանգուցեալը բեղուն գրող մըն էր ու հայ ազգի հաւատարիմ բարեկամը, ինչ որ նաեւ արտայայտեց 35-ամեայ իր սերտ գործակցութեամբ իտալահայ հռչակաւոր գրագէտ Անթոնիա Արսլանի հետ։ Հմուտ էր բազում լեզուներու, ու նաեւ հայերէն սորված էր։

Ծնած էր Միւնիխ (Գերմանիա), 4 Յուլիս, 1965-ին։ Փիլիսոփայական ուսման հետեւած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Իտալիոյ մէջ, եւ ունէր երկու դոկտորական աստիճաններ Ֆորտհէմ համալսարանէն՝ բնազանցութեան մէջ, եւ Միլանի կաթոլիկ համալսարանէն՝ իմացաբանութեան մէջ։ 2000-2007-ին դասաւանդած էր Ս. Թովմաս համալսարանը (Սէն Փօլ, Մինեսոթա), իսկ այնուհետեւ՝ Մանհաթընվիլ գոլէճ (Նիւ Եորք), ուր քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչն էր։ Անոր հետազօտութիւնները կեդրոնացած էին բնազանցութեան, բարոյագիտութեան եւ ցեղասպանագիտութեան վրայ։ Հայագիտական ուրոյն հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ «Հայրերու մեղքերը. թրքական ուրացումը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (2017) անգլերէն ուսումնասիրութիւնը, որ թարգմանուած է իտալերէնի, հայերէնի եւ ռուսերէնի։ Այս գործը մաս կը կազմէ ծրագրուած եռագրութեան մը՝ «Փիլիսոփայութեան  դաւաճանութիւնը», որ պիտի փորձէր ախտաճանաչել փիլիսոփայութեան այն ձախողութիւնները, որոնք նպաստած են 20-րդ դարու սարսափազդու իրադարձութիւններուն։

2017-ին, փրոֆ. Նաշ-Մարշալ համահիմնադիր եղած է Ստեփանակերտի «Անթոնիա Արսլան» իտալական դպրոցին, իբրեւ մէկ մասը «Կարիքաւոր քրիստոնեաներ» հիմնադրամի հետ իր աշխատանքին։ Այս նախաձեռնութիւնը կոչումնային դաստիարակութիւն բերած է Արցախի երիտասարդութեան, դասընթացքներ հաստատելով ատաղձագործութեան, դերձակութեան եւ երկրագործութեան մէջ։ Դպրոցը գործակցած է իտալացի վարպետ արհեստաւորներու հետ, հաստատելով վարժընթացներ՝ աշակերտները գործնական հմտութեամբ օժտելու համար։

«Իր մտաւորական ուժով եւ բարեսիրական ոգիով, ան կանգնեցաւ մեր կողքին, հաւատալով մեր յարատեւ պայքարին եւ մեր ազգի վերապրումին», յայտնեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Ան երեւան հանեց թրքական ուրացման մեքենայութիւնները, փաստելով անոր կեղծարարութիւնը»։

Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, թէ անոր գիրքերն ու հետազօտութիւնները նպատակ ունէին լոյս սփռել ճշմարտութեան վրայ, վերականգնել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ յառաջդիմել արդարութեան ճանապարհին։ Հանգուցեալին մտաւորական ու հանրային ընթացքը ճշմարտութեան, արդարութեան եւ կրթութեան հանդէպ նուիրումի ցոլացումն էր։

Փրոֆ. Նաշ-Մարշալի ներգրաւումը Արցախի հետ դաստիարակութենէն անդին գացած է, ընդգրկելով անոր համագործակցութիւնը Արցախի պետական համալսարանին եւ Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանին հետ։ Անոր յաճախակի ճամբորդութիւնները Արցախ ընդգծած են անոր յանձնառու կեցուածքը հանդէպ զարգացման եւ ինքնորոշման։

Անոր գործը սատարած է, որ հայերս ու աշխարհը օժտուին պատմական յիշողութիւնը պահպանելու եւ դիմադրականութիւնը խթանելու գործիքներով։ Անոր ժառանգութիւնը կը շարունակուի իր գրութիւններուն, աշակերտներուն եւ Արցախի երիտասարդութեան միջոցով, որոնք իրենց մէջ կը կրեն անոր ցանած սերմերը։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալ փրոֆ. Նաշ-Մարշալի ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։