Մեր ծուխերէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄԱՏՈՒՌԸ

Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) ծխականներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ աշակերտական նորակառոյց մատրան բացման արարողութիւնը «Դոկտ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Թաշճեան» կրթական կեդրոնին մէջ։ Հին մատուռը շինուած էր 1968-ին, իբրեւ մէկ մասը դպրոցական շէնքին, եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ու «Մուրատ» ազգային վարժարանի աշակերտներու իրերայաջորդ սերունդներ զայն օգտագործած են դասերու սկիզբէն առաջ աղօթքի ժամանակ։ Դժբախտաբար, մատուռի կրած ֆիզիքական վնասը զայն անգործածելի դարձուցած էր տարիներ առաջ։

Օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, յիշեց աշակերտներու սերունդներու հերթափոխութիւնը, ինչպէս եւ անոնք, որ մատուռը ներառած էին դպրոցական շէնքի սկզբնական նախագիծին մէջ, ի մասնաւորի Արժպ. Տ. Դոկտ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Թաշճեան», որուն անունով կնքուած է շէնքը 1998-ին։