Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ. Թինքճեան։ Քարոզին, Սրբազան Հայրը անդրադառնալով օրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ Քրիստոսի խօսքին, թէ «ան որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ան որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ», կեդրոնացաւ խոնարհութեան առաքինութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Դէպի Աստուածայայտնութեան տօնը ընթացող Յիսնակաց իւրաքանչիւր շաբթուան ընթերցումը աւելի կը յստակեցնէ մեզի մարդացեալ Աստուծոյ մարդեղութեան խորհուրդը։ Արդարեւ, Աստուածորդիին ցուցաբերած խոնարհութիւնը ի փրկութիւն ազգի մարդական,  գերագոյն առաքինութիւնն է, որով ինչպէս Աստուած մարդացաւ, նմանապէս եւ մարդ կ՛աստուածանայ»։ Եզրակացնելով իր խօսքը, ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որպէսզի Քրիստոսաշաւիղ ճամբով ապրինք՝ խոնարհելով Աստուծոյ կամքին առջեւ, միաժամանակ խոնարհ ըլլանք Աստուծոյ զաւակներուն հանդէպ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնին, ինչպէս եւ կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան հանդէսին։