ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿՈՉԸ՝ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Սուրիոյ պետական յեղաշրջումի աւարտին նոր իշխանութեան հանդիպումը Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ քրիստոնեայ համայնքապետերու հետ որոշ ապահովութիւն ստեղծեց անոր որդեգրած ուղղութեան հանդէպ։ Յուսով ենք, որ այս յարաբերութիւնը երկրի բնականոն ընթացքը կը դառնայ։
Ուրախ ենք յայտնելու, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ամերիկայի երեք թեմերու օժանդակութիւնը յաջողած է շուտափոյթ կերպով փոխանցել Հալէպի ազգային իշխանութեան, որ կատարած է բաշխումը։ Այսուհանդերձ, տնտեսական կեանքի տագնապը կը շարունակուի սուր կերպով։ Ուստի, կը դիմենք ձեզի, սիրելի հարազատներ, որ սրտաբաց կերպով շարունակենք մեր օժանդակութիւնը մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ թեթեւցնելու համար անոնց առօրեայի կենցաղային հոգերը։
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ