ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 2025-Ի ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ
Ազգային Առաջնորդարանի յուշատետրը անխափան լոյս կը տեսնէ 1974-էն ի վեր։ 2025-ի հրատարակութիւնը նուիրուած է Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին։ Նիկիոյ ժողովը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողմէ ճանչցուած երեք տիեզերական ժողովներէն առաջինն է (միւս երկուքը տեղի ունեցած են Կ. Պոլիս՝ 381-ին, եւ Եփեսոս՝ 431-ին)։ Այս ժողովը որդեգրած է Նիկիոյ հանգանակը՝ «Հաւատամք»ը, զոր ամէն Կիրակի կ՚արտասանենք եկեղեցւոյ մէջ։
Յուշատետրը ընթերցողին կը մատուցանէ հասցէներու, կրօնական թուականներու եւ Առաջնորդարանի ու Հայ Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններու իր փոքրիկ շտեմարանը։ Շնորհակալ ենք տարիներու ընթացքին ձեր հետեւողական աջակցութեան համար։