ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) պատուակալ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան, նոր գիրք մը հրատարակած է՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր ժողովները դարերու ընթացքին»։ Գիրքը լոյս ընծայած է Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը։ Հատորը կը պարունակէ 354-1361 թուականներուն տեղի ունեցած 16 կարեւոր ժողովներու մասին տեղեկութիւններ։ Հեղինակը ընդգրկած է ժողովներ, որոնց օրակարգը տարբեր եկեղեցիներու հետ դաւանաբանական հարցեր շօշափած է, որոնք յատուկ կարեւորութիւն ունին կամ որոնց օրակարգերը եղած են եկեղեցական բարեկարգչական հարցեր։
Նախաբանին մէջ, Տէր Հայրը կը նշէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումին մասնակցող ամէն հայ եկեղեցական լաւագոյնս պիտի արդիւնաւորէ իր գործունէութիւնը, եթէ լաւապէս ճանչնայ իր ներկայացուցած եկեղեցոյ ինքնութիւնն ու անցեալը։ «Դժուար է գործակցիլ մէկու մը հետ որ չի գիտեր թէ ո՞վ է ինք», կը գրէ Տ. Ներսէս Ա. Քհն.։ «Եւ ընդհակառակը, շատ հաճելի է աշխատիլ մէկու մը հետ որ շատ լաւ գիտէ իր անցեալը»։
Ամփոփ, սակայն օգտակար պարունակութեամբ այս գիրքը տրամադրելի է Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Պատուիրելու համար, կրնաք սեղմել այստեղ կամ գրել books@armenianprelacy.org հասցէին։