ՕՍԻՓ ՄԱՆՏԵԼՇԹԱՄ (մահ՝ 27 Դեկտեմբեր, 1938)
Բանաստեղծ Օսիփ Մանտելշթամ 20-րդ դարու ռուսական բանաստեղծութեան առաջնակարգ անուններէն մէկը եղած է եւ յայտնի՝ Հայաստանին նուիրուած իր ուղեգրութեամբ եւ բանաստեղծութիւններով։
Օսիփ Մանտելշթամ ծնած է 14 Յունուար, 1891-ին, Վարշաւիոյ մէջ, հրեայ առեւտրականի մը ընտանիքին մէջ։ Մանուկ հասակին, հայրը իրենց բնակութեան վայրէն արտագաղթի յատուկ թոյլտուութիւն ստանալով, ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Ս. Փեթերսպուրկ, ուր 1908 թուականին աւարտած է Թենիշեւի անուան յայտնի ուսումնարանը։ 1909-ին իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է։ 1909-1910-ին յաճախած է Հայտելպէրկի համալսարանը (Գերմանիա), իսկ 1911-ին ուսանած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի պատմա-բանասիրական ճիւղին մէջ, հետեւելով հին ֆրանսերէնի լեզուի եւ գրականութեան։
Սկզբնապէս գրելով խորհրդապաշտ դպրոցի ազդեցութեամբ, մտած է «ակմէիստ»ներու խումբին մէջ, որուն մանիֆեստն ալ գրած է 1913-ին։ Նոյն թուականին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու առաջին հաւաքածոն՝ «Քարը» խորագրով, զոր վերհրատարակած է 1916-ին, յաւելեալ բանաստեղծութիւններով։ 1918-21 թուականներուն Մանտելշթամ աշխատած է մշակութային ու կրթական հաստատութիւններու մէջ եւ այցելած է Ղրիմ ու Վրաստան։ 1922-ին հաստատուած է Մոսկուա: Նոյն թուականին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը՝ «Թրիսթիա»։
Մանտելշթամ այնուհետեւ գրեթէ լքած է բանաստեղծութիւնը եւ գրած է նաեւ գրականագիտական եւ արուեստի տեսութեան նուիրուած արժէքաւոր յօդուածներ, փորձագրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ։ Ապրուստի համար, թարգմանած է եւրոպական գրականութեան 19 հատոր ռուսերէնի՝ վեց տարուան ընթացքին։
1930-ին, Մանտելշթամ ղրկուած է Հայաստան, այն ժամանակ, երբ Խորհրդային Միութեան վարչակարգը գրողներ կ՚ուղարկէր երկրի տարբեր շրջաններ՝ խորհրդային կառուցումը վաւերագրելու համար։ Այդ այցելութիւնը ճակատագրական եղած է գրողին համար, քանի որ իր մէջ վերստին արթնցուցած է ստեղծագործական եռանդը։ Այցելութեան առիթով գրած է իր ուղեգրութեան մէջ, որ սպասուածէն տարբեր բովանդակութիւն ունէր։ Մանտելշթամ իր հիացումը յայտնած է Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ. «Հայերը լիուլի կեանքը, անոնց կոպիտ քնքշութիւնը, անոնց ազնիւ հակումը ծանր աշխատանքի, անոնց անբացատրելի խորշանքը ամէն տեսակ բնազանցութեան հանդէպ, եւ անոնց հոյակապ մտերմութիւնը իրական բաներու աշխարհին հետ. այս բոլորը ինծի ըսաւ. Դուն արթուն ես, մի՛ վախնար քու սեփական ժամանակէդ, նենգ մի՛ ըլլար»։ Ան նաեւ գրած է «Հայաստան» խորագրով բանաստեղծութիւններու շարք մը։ Ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան Մանտելշթամի համար եղած է պատմութեան թափանցելու ձեւ մը՝ բացայայտելով արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը բաղկացնող տարբեր խաւերը։
Ստալինեան անհատի պաշտամունքի տարիներուն, Մանտելշթամ հալածուած է Ստալինի դէմ գրած իր մէկ բանաստեղծութեան համար։ Չորս տարուան աքսորի ենթարկուելէ ետք, ուր իրեն կամովին հետեւած է կինը՝ Նատեժտա Մանտելշթամ (1899-1980), 1938-ին վերստին ձերբակալուած ու հինգ տարուան հարկադրական աշխատանքի դատապարտուած է կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ։ 27 Դեկտեմբեր, 1938-ին մահացած է Վլատիվոսթոքի մօտերը՝ անցման ճամբարի մը մէջ։ Նատեժտա Մանտելշթամ պահպանած է իր եղերաբախտ ամուսինին բանաստեղծութիւնները՝ զանոնք գոց սորվելով, ինչպէս եւ կարգ մը ձեռագրեր թաքցնելով։ Գրած է «Յոյս՝ յոյսի դէմ» եւ «Լքուած յոյս» յուշագրութիւնները, որոնցմէ առաջինին մէջ խօսած է Հայաստան իրենց ճամբորդութեան մասին։