ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ | ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 2:1-12
Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր, որ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ: Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին.
– Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն:
Երբ Հերովդէս թագաւոր լսեց ասիկա՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները: Կանչեց ժողովուրդի բոլոր աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները եւ հարցուց անոնց, թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:
Անոնք պատասխանեցին.
– Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ, որովհետեւ Միքիա մարգարէն այսպէս գրած է.-
«Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք,
հռչակով նուազ չես Յուդայի միւս քաղաքներէն.
որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը,
որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը»:
Այն ատեն Հերովդէս գաղտնաբար իր մօտ կանչեց մոգերը եւ անոնցմէ ստուգեց աստղին երեւելուն ժամանակը: Ապա զանոնք Բեթլեհէմ ղրկեց, պատուիրելով.
– Գացէք եւ ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելով գտէ՛ք երեխան, եւ երբ գտնէք՝ ինծի իմացուցէք, որպէսզի ես ալ գամ եւ երկրպագեմ իրեն:
Թագաւորին այս հրահանգը լսելէ ետք, մոգերը մեկնեցան: Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք, մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր: Երբ տուն մտան, տեսան երեխան իր մօրը՝ Մարիամի հետ, եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին: Ապա բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:
Յետոյ ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը, առանց Հերովդէսի հանդիպելու, ինչպէս որ Աստուած երազի մը մէջ հրահանգեց իրենց:
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1:18-25
Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Իր մայրը՝ Մարիամ, նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն նախ քան ամուսնութիւնը Մարիամ յղի մնաց Սուրբ Հոգիէն:
Յովսէփ՝ անոր նշանածը, արդար մարդ մը ըլլալուն՝ չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ լռելեայն ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը: Մինչ այս մասին կը մտածէր, ահա Տիրոջ հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ իրեն եւ ըսաւ.
– Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար ամուսնանալու նշանածիդ՝ Մարիամի հետ, որովհետեւ իր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է: Որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ:
Այս բոլորը պատահեցան, որպէսզի կատարուի այն ինչ որ Տէրը ըսաւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ.-
«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի,
եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ»,
որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ:
Երբ Յովսէփ արթնցաւ, կատարեց ինչ որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն եւ ամուսնացաւ իր նշանածին՝ Մարիամի հետ. բայց չյարաբերեցաւ անոր հետ, մինչեւ որ իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ, եւ զայն Յիսուս կոչեց:
ՆԱՄԱԿ ՏԻՏՈՍԻ 2:11-15
Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին: Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ, եւ յոյսով սպասենք այն երջանիկ օրուան, երբ մեր մեծ Աստուածն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս իր փառքով պիտի յայտնուի: Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր:
Այս բաները սորվեցուր հաւատացեալներուդ: Քաջալերէ՛ զանոնք եւ ի հարկին յանդիմանէ՝ հեղինակութիւնդ գործածելով, այնպէս որ ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ: