Խմբագրական

ԵՏ ՈՒ ԱՌԱՋ ՆԱՅԵԼՈՎ

Ամէն Նոր Տարի կը սկսի վերանորոգ յոյսերով եւ խոստումներով, բայց ​քիչ կը պատահի, որ ​չմտածենք անցնող տարին մեր ետին դնելու մասին, նոյնիսկ եթէ ​յաջող տարի մըն էր, ինչպէս 2024-ը եղաւ Ազգային Առաջնորդարանին համար։ Անցեալ տարի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նիւ Ինկլընտի եւ միջին Ամերիկայի ծուխերը իր հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեան երկրորդ փուլի ընթաց​քին։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի մեր Թեմէն ներս ծառայութեան քառասնամեակն ալ տօնուեցաւ պատշաճ թուականի մը՝ Գոհաբանութեան տօնին առթիւ։

Մինչ կը պատրաստուինք ընդառաջելու այն անակնկալներուն ու մարտահրաւէրներուն, զորս 2025 թուականը պիտի բերէ մեր կեանքին, ամէն օր պէտք է ապրինք մեր Տիրոջ ուսմունքին համաձայն։ Բացուող նոր տարիին դէմ յանդիման գանք այսօրուան՝ Հինգշաբթի, 2 Յունուարի ընթերցման ոգիով, որ կը ներառնէ Սուրբ Գիրքի ամենագեղեցիկ հատուածներէն մէկը.

«Մի՜ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին։ Յիշեցէ՜ք բանտի մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց բանտակից զգալով։ Նոյնպէս յիշեցէք չարչարանքներու մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց տեղ դնելով» (Եբր 13.2-3)։