Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՉԱՐԼԶ ՏԱՈՒՍԷԹ (ծնունդ՝ 2 Յունուար, 1924)

Չարլզ Տաուսէթ հայագիտական ամպիոնի առաջին վարիչը եղած է անգլիական համալսարանի մը մէջ։ Միջազգային համբաւի տիրացած է իր լեզուական հմտութեամբ ու գիտական տարածուն հետաքրքրութիւններով։

Տաուսէթ ծնած է 2 Յունուար, 1924-ին, Լոնտոնի մէջ, ուր ստացած է իր նախնական ու երկրորդական կրթութիւնը։ 1942-ին յաճախած է Սէնթ-Քէթրինզ գոլէճը (Օքսքորտ), զինուորակոչուելէ առաջ։ Զինուորական ծառայութեան ընթացքին, հանդիպած է իր ապագայ կնոջ՝ գերմանացի Ֆրիտէլ Լափունէրին, որուն հետ ամուսնացած է 1949-ին։ Մինչ այդ, 1947-ին զօրացրուելէ ետք յաճախած է Գէմպրիճի համալսարանի Փիթըրհաուս գոլէճը, ուր հետեւած է արդի եւ միջնադարեան լեզուներու, այնուհետեւ ուղղուելով համեմատական բանասիրութեան ճիւղին։ Իրանագէտ Հարոլտ Պէյլիի ղեկավարութեամբ, հայագիտական դոկտորական ուսման ձեռնարկած է, կեդրոնանալով 10-րդ դարու մատենագիր Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից աշխարհի» գործին վրայ։

1949-1954-ին, անգլիական յատուկ կրթաթոշակի մը շնորհիւ, Տաուսէթ մեկնած է Փարիզ, ուր գրաբար եւ աշխարհաբար սորված է, ինչպէս եւ վրացերէն։ 1954-ին պաշտպանած է իր դոկտորական աւարտաճառը, որ նուիրուած էր Կաղանկատուացիի գործի երկրորդ եւ երրորդ գիրքերու պատմական հատուածներու թարգմանութեան եւ ծանօթագրութեան։ Իր աւարտաճառը ընդլայնած է, 1961-ին հրատարակելով Կաղանկատուացիի ամբողջ գործի անգլերէն թարգմանութիւնը։

Իր աւարտաճառն ու հայերէնագիտական ուսումը աւարտելէ ետք, ըստ կրթաթոշակի պայմաններուն, Տաուսէթ ստացած է հայերէնի դասախօսի պաշտօնը Լոնտոնի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Ուսմունքներու դպրոցին մէջ։ Հոն դասաւանդած է մինչեւ 1965, երբ նշանակուած է Օքսֆորտի համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայագիտական ամպիոնի առաջին դասախօսը։ 1950-ական թուականներէն, ան հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական յօդուածներ, որոնք հաւաքուած են յետմահու լոյս տեսած անգլերէն հատորի մը մէջ՝ «Գաղտնազերծելով միջնադարեան Հայաստանի գաղտնիքները» (2022)։

1972-ին, Տաուսէթ եւ Ճոն Գարսուէլի գործակցաբար հրատարակած են ուսումնասիրութիւն մը Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց խճանկարներու մասին, որուն համար Տաուսէթ հրատարակութեան պատրաստած է հայերէն բնագրերը՝ հանդերձ թարգմանութեամբ եւ ծանօթագրութիւններու։

1977-ին, Տաուսէթ ընտրուած է Բրիտանական Ակադեմիայի անդամ։ Սակայն, այնուհետեւ առողջական պատճառներ պարտադրած են համալսարանական կեանքէն անոր աստիճանական նահանջը։ Կնոջ մահէն ետք (1984), ան իր դասերը շարունակած է վարել տան մէջ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 1991-ին։

Գիտնականը կանուխէն առանձին հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է ժողովրդային հէքեակներու հանդէպ, յատկապէս անոնք որ յարմար էին մանկական ընթերցանութեան համար։ Թարգմանած է քանի մը հատորներ, որոնցմէ վերջինը եղած է «Հայկական ժողովրդական հէքեաթներ» (1972)՝ Չարլզ Տաունիկ գրչանունով։

Չարլզ Տաուսէթի վերջին աշխատութիւնը Սայաթ-Նովայի ամբողջական գործի ուսումնասիրութիւնն էր, որ լոյս տեսած է 1997-ին, մահէն քանի մը առաջ։ Վաստակաւոր հայագէտը մահացած է 8 Յունուար, 1998-ին, Օքսֆորտի մէջ։