Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, Է. ՕՐ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 2.1-7

Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:

Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:

***

ՆԱՄԱԿ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1.1-7

Ես՝ Պօղոս, ծառան եմ Քրիստոս Յիսուսի, որ զիս կանչեց իր առաքեալը ըլլալու եւ պաշտօն տուաւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու: Սուրբ գիրքերուն մէջ արձանագրուած կը գտնէք, թէ Աստուած կանուխէն իր մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ տալ այս աւետիսը, որ կը վերաբերի իր Որդիին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իբրեւ մարդ՝ Դաւիթի սերունդէն ծնաւ, բայց որ իբրեւ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ, երբ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ: Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը, որոնց կարգին դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի պատկանելու կանչուեցաք:

Ողջո՜յն բոլորիդ որ Հռոմ կը բնակիք. ձեզի՝ որ Աստուած սիրեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կանչեց: Թող Աստուած՝ մեր Հայրը, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի: