Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Սուրիոյ պետական յեղաշրջումի աւարտէն ետք, ուրախ ենք յայտնելու, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ամերիկայի երեք թեմերու օժանդակութիւնը յաջողած է շուտափոյթ կերպով փոխանցել Հալէպի ազգային իշխանութեան, որ կատարած է բաշխումը։

Այսուհանդերձ, երկրի տնտեսական վիճակը կը շարունակէ տագնապալի մնալ։ Ուստի, կը դիմենք ձեզի, որ սրտաբաց կերպով շարունակենք մեր օժանդակութիւնը մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ թեթեւցնելու համար անոնց առօրեայի կենցաղային հոգերը։   

Աղօթարար՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ