ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Երկուշաբթի, 13 Յունուարին, ութերորդ օրը Սբ. Ծննդեան, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնը (Մտ 1.20-23, Ղկ 1.30-32, Ղկ 2.21)։ Այս տօնը հիմքն է՝ մանուկները ծննդաբերութենէն ութ օր ետք մկրտելու սովորութեան, որ այսօր շատ հազուադէպ է։ «Ութը օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած» (Ղուկ. 2:21):