ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ
Երեքշաբթի, 31 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Նոր Տարուան տօնախմբութեան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Լագիսեանի, եւ հիւրաբար ներկայ գտնուող՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Քատէհճեանի։ Տօնախմբութիւնը գեղեցիկ առիթ էր եկեղեցւոյ ծխականներու եւ բարեկամներու համար՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հին տարիին հրաժեշտ տալու եւ նոր տարին դիմաւորելու։ Կէս գիշերուան կենացէն ետք, ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ կրօնական յատուկ արարողութիւն եւ Սրբազան Հայրը բարեմաղթութիւններ ուղղեց հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վերանորոգման եւ խաղաղութեան համայն աշխարհի։