Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀՐԱՉ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 15 Յունուար, 1897)

Հրաչ Զարդարեան ֆրանսահայ գրականութեան կարեւոր, սակայն քիչ ծանօթ անուններէն մէկը եղած է։

Ծնած է Խարբերդ, 15 Յունուար, 1897-ին։ Մեծ Եղեռնի զոհ տաղանդաւոր գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի անդրանիկ որդին եղած է։ Տակաւին մանուկ, հետեւած է հօր աստանդական կեանքին իբրեւ ուսուցիչ, հանրային գործիչ եւ խմբագիր՝ Խարբերդէն դէպի Իզմիր, Մանիսա, Ֆիլիպէ (Պուլկարիա) ու Պոլիս։ Ուսումը ստացած է Կարին (Էրզրում), ուր երեք տարի մնացած է իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ Սանասարեան վարժարանին մէջ։ Վարժարանը Սեբաստիա փոխադրուելով, վերադարձած է Պոլիս, ու Կեդրոնական վարժարանին մէջ աշակերտած է Եղիշէ արք. Դուրեանին, Մելքոն Կիւրճեանին (Հրանդ), Տիրան Չրաքեանին (Ինտրա), Ռ. Զարդարեանին, Գարեգին Խաժակին, Լեւոն Շանթին եւ ուրիշներու։

1915-ին, երբ պիտի աւարտէր Կեդրոնականի ընթացքը, հօր տարագրութեան օրերուն, հարկադրուած է մօր եւ եղբայրներուն հետ անցնիլ նախ Պալքաններ եւ ապա Հարաւային Կովկաս, ուր յաջորդաբար յաճախած է Ներսիսեան վարժարան (Թիֆլիս), Գէորգեան ճեմարան (Էջմիածին) եւ Երեւանի Թեմական դպրոց, ուրկէ ստացած է շրջանաւարտի իր վկայականը։ 1917-ին անցած է Փարիզ, ուր յաջորդաբար հետեւած է Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն, քաղաքական եւ բարոյական գիտութեանց համալսարանին, եւ, վերջապէս, բժշկական վարժարանին, վկայուելով իբրեւ ատամնաբոյժ։ Որոշ մասնակցութիւն բերած է փարիզահայ գրական նոր շարժման։

Այնուհետեւ հաստատուած է հարաւային Ֆրանսա, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը։

Զարդարեանի գրական վաստակը, բացի երկու վէպերէն, գումարն է երկարաշունչ բազմաթիւ պատմուածքներու, որոնք ցրուած են գրական հանդէսներու եւ թերթերու մէջ, նաեւ՝ անտիպ կարգ մը հատորներու։ 1934-ին լոյս ընծայած է առաջին վէպը՝ «Մեր կեանքը», իսկ երկրորդը՝ «Որբացող մարդիկ», 1954-ին։ Հրատարակած է նաեւ բարոյական, գրական եւ այլ նիւթերու շուրջ խորհրդածութիւններու հատոր մը՝ «Ժամանակ եւ խորհուրդք իւր» (1955)։ Մամուլին մէջ ցրուած մնացած են գրական գործեր, խորհրդածական փորձեր եւ այլ գրութիւններ։ 

Հրաչ Զարդարեան մահացած է Նիս, 30 Նոյեմբեր, 1986-ին։