ՏԷՅՎԻՏ ԹԻՔՈՅԵԱՆ՝ ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ
Շաբաթներու ձգձգումներէ ետք, Ռոտ Այլընտ նահանգի Ծերակոյտի նախագահ Տոմինիք Ռուճերիօ իբրեւ նոյն մարմնի մեծամասնութեան անդամ ընտրած է ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեանը, գնահատելով անոր արհեստավարժ ոգին իբրեւ «նուիրեալ եւ խորին պարկեշտութեամբ օժտուած հանրային սպասարկու եւ ճշմարիտ պետական գործիչ»։
Պրն. Թիքոյեան՝ Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երկարամեայ անդամներէն, հանգստեան կոչուած է 23 տարի ծառայելէ ետք Ռոտ Այլընտի նահանգային ոստիկանութեան, իսկ 2022-ին Ծերակոյտի անդամ ընտրուած է։ Ներկայիս նաեւ կը վարէ Փրաւիտընսի ջուրի մատակարարման վարչութեան փոխվարիչի պաշտօնը։ 2023-ին մեծարուած է իբրեւ Ազգային Առաջնորդարանի Տարուան Մարդը։
Ընդունելով նոր պաշտօնը, պրն. Թիքոյեան նման նշանակում մեծ պատիւ մը համարած է, ընդգծելով, որ ընտանիքի, բարեկամներու եւ հոգեւոր ղեկավարներու իր շրջապատն ու անոնցմէ ստացած աջակցութիւնը իրեն ուղեցոյց հանդիսացած են «միշտ ճիշդը գործելու եւ լաւ ընտրութիւններ կատարելու»։