Առաջնորդարանէն

ՋՐՕՐՀՆԷՔ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատուցանեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), առընթերակայ ունենալով Արժանապատիւ Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանը։

Նախ քան քարոզը, Սրբազան Հայրը փոխանցեց Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյնները Թեմիս բոլոր հոգեւորականներուն, վարչական մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ հաւատացեալներուն, որով Վեհափառ Հայրապետը նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ կը մաղթէր նորոգեալ հաւատքով ու կամքով վերակազմակերպուիլ եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել հոգեւոր, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ այլ մարզերէ ներս։ Այնուհետեւ, իր քարոզի բնաբան առնելով Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Նորաստեղծեալ» հոգեւոր երգէն հետեւեալ տողերը՝ «Սէրդ սիրով խոնարհեցար,/ Ի փրկութիւն մեր մարմնացար», յայտնեց, թէ Աստուծոյ էութիւնը սէր է, որ մղեց ո՛չ միայն տիեզերքի ստեղծագործութեան, այլ նաեւ ինքնազոհողութեան, որով Սէրը (Քրիստոս) սիրով խոնարհելով, մարդացաւ,  որպէսզի մարդ արարածը վերանորոգուի եւ վերագտնէ իր կորսնցուցած աստուածային հարազատ պատկերը։

Սուրբ Պատարագի եւ Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծննդեան յատուկ  հաւաք։ Տէր Վահան Քահանայի սեղանի օրհնութենէն ետք, ներկաները վայելեցին աւանդական տոհմիկ հայկական ճաշեր եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտ։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց գաղութի բոլոր գործօն մարմիններն ու անդամները, մաղթելով որ նորանոր յաջողութիւններով պսակեն գաղութային կեանքը։

Նոյն երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, զոր կատարեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, հովիւ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։ Ներկայ էին Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ հովիւ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ հովիւ Թրոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ շրջանէս ժամանած հաւատաւոր հայորդիներ։

Սրբազան  Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց, որ Առաջնորդարանի Տնօրհնէքի շուրջ կէս դարու այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, հակառակ աննպասռ օդին, անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ։ Փոխանցեց ներկաներուն Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2025 տարուան հռչակագրի թեման՝ «2025 Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», եւ ըստ այնմ շեշտեց հաւաքականութեանց եւ ազգերու կեանքին մէջ աւանդութեան պահպանման հրամայականը։ Եզրափակիչ խօսքով մաղթեց Խաղաղութիւն համայն աշխարհի, ապահովութիւն՝ հայրենի աշխարհին, արդարութիւն՝ Արցախեան մեր տեղահանուած ժողովուրդին, եւ բարգաւաճում առ հասարակ սփիւռքեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։