Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2025 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՀՌՉԱԿԵՑ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2025 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհ­նութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժո­ղո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեան­քէն ներս գործող կազմակերպութիւնները ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկե­րային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բաց­ուող Նոր Տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բա­րիքներով ու շնորհքներով լեցուն տարի մը։

* * *

2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած ար­ժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսար­ձակի տակ բերելու Մեր սկսած աւանդութիւնը շարունակելով, ինչ­պէս գիտէք, վերջին երեք տարիները յատկացուցինք Սփիւռքին: Շեշ­տեցինք Սփիւռքի վե­րակազմակերպման ու վերակենսաւորման ան­յե­տաձգելի հրամայա­կանը: Յատուկ կերպով անդրադարձանք ինք­նու­թեան, կառոյցներու վերանորոգման, մարդուժի պատրաստու­թեան, համազգային արժէքներու ու իտ­էալ­­ներու շուրջ համախմբման, քրիս­տոնէական ու հայեցի դաստիա­րա­կութեան վերաշեշտաւորման, երի­տասարդու­թիւնը գործի մղելու անհրաժեշտութեան, ճարտարագի­տու­­թեան ճիշդ օգտագործման, կրթական կեանքի վերակազմակերպ­ման, հայ ըն­տա­նիքի վերականգնման, Հայաստան-Սփիւռք յարաբե­րու­թեան նոր որակ տալու կարեւորութեան, եւ այլ համասփիւռքեան եւ համա­հայ­կական այժմէական խնդիրներու:

Գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել որ Հայրապետական Հռ­չա­կագիրներու թելադրութեան ու գծած ուղիին հետեւելով, մեր հա­մայնք­ները, մամուլը ինչպէս նաեւ մտաւորականներ ու կառոյցներ  լայնօրէն արձագանգեցին. յօդուածներ գրուեցան, դասախօսութիւն­ներ տրուեցան եւ հրապարակային բանավէճեր տեղի ունեցան յիշեալ հարցերուն շուրջ: Այլ խօսքով՝ մեր գաղութները սկսան ինքնաքննու­թեան ու ինքնարժեւորման լուրջ փորձեր կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակազմակերպման համապատասխան ծրագիրներ մշակել: Վերջին քանի մը տարիներուն, թեմերուն տուած Մեր հովուապետա­կան այցելութիւններուն ընթացքին առաջնահերթ տեղ յատկացուցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման: Հոգեւոր դասուն, Ազգ. իշխանու­թիւն­­­նե­րուն, քոյր կազմակերպութիւններուն ու երիտասարդութեան հետ ունեցած Մեր հանդիպումներուն ու ժողովուրդին ուղղած Մեր պատ­գամ­նե­րուն մէջ թելադրեցինք, որ Սփիւռքի շուրջ քննարկում­նե­րը շարունակուին նոյն թափով ու միաժամանակ գաղութները լծուին մեր հաւա­քա­­կան կեանքը դէպի վերակազմակերպում  ու վերանո­րո­գում առաջնորդող աշխա­տանք­ներու:

Ո՞ւր է այսօր Սփիւռքը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանո­նագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձ­նել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւնները ու իտէալները պահել ամուր՝ մնալով հանդերձ ամբողջական ու ան­քակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան: Ինչպէ՞ս կա­րելի է սոսկ յարաբերութենէն անդին՝ հետեւողական ու ծրագրուած գործակցու­թիւն մշակել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է հա­մասփիւռքեան օրա­կարգ մը մշակել՝ ի խնդիր համահայկական օրա­կարգի մը մշակ­ման, եւ անոր շուրջ համախմբուիլ: Այս հարցադրում­ները տեսական չեն, այլ խորքային, այժմէական ու գոյութենական: Արդ, հրա­մա­յական է զանոնք համա­պար­­փակ ու իրապաշտ մօտե­­ցու­մով քննար­կումի ենթարկել՝ մէկ կող­մէն օգտո­ւե­լով հին սերունդին հա­րուստ փոր­ձառութենէն, եւ միւս կող­մէն, ունե­նալով նոր սերունդին հայեցա­կէտերը:

Վերեւ կատարած մեր յիշեցումները ունին մէկ յստակ պատգամ ու նպա­տակ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման էջը չէ փակուած, պէտք չէ փակուի: Սփիւռքի վերակազմակերպման նպատակասլաց գործըն­թացքը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուի իւրաքանչիւր գա­ղութէ ներս, բնականաբար՝ տարբեր մեթոտներով, առաջնահերթու­թիւն­ներով ու շեշտաւորումով: Այլապէս, Սփիւռքը կրնայ ենթակայ դառնալ ինքնամաշումի վտանգին: Արդարեւ, լուրջ մտահո­գութիւն մը, որուն կ’անդրադառնանք յաճախ թէ՛ մեր պատգամներուն ճամբով եւ թէ գա­ղութներուն տուած Մեր այցե­լու­թիւններուն ընթացքին: Կ’ու­զենք միշտ կարե­ւո­րու­թեամբ ընդգծել, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, անոր վերա­կազմակեր­պու­մը Հայաստանի հզօրաց­ման ուղղուած է. իսկ Հա­յաս­տանի հզօրա­ցու­մը իր կարգին պէտք է օժանդակէ Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման:

Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշ­խատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինք­նութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին մէջ, մեծապէս էական կը նկա­տենք մեր կրօնական ու ազգային աւան­դութիւններու վերանորոգ­ման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Արդ, մեկնելով այս հաս­տատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակենք

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

* * *

Ի՞նչ կը հասկնանք աւանդութիւն ըսելով: Ընդհանուր սահմա­նու­մով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմա­կեր­պութեան առնչուած հա­ւա­տալիքներու, արժէքներու, իտ­էալ­ներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտա­ծո­ղու­թիւն­­­ներու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբող­ջու­թիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Աւան­դու­թիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վճ­ռա­­կան դեր ունի անոր ինքնութեան երաշ­խաւորման, ամբողջա­կանու­թեան պաշտ­պանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակակա­նու­թեան պահ­­պանման մէջ: Հետեւա­բար, ազգեր ու կրօններ միշտ նա­խան­­­ձա­խնդիր եղած են իրենց աւան­դութիւններու անվթար պահ­պան­ման նկատ­մամբ, որովհետեւ զանոնք նկատած են էա­կան՝ ինք­նա­ճանաչ­ման ու ինքնահաս­տատման, ինքնագոյութեան ու ինքնար­տա­յայտու­թեան ամ­րապնդման ու զարգացման համար:

* *  *

ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին հիմքը կազմող Աստուածաշունչին վրայ, Հին թէ Նոր կտա­կարաններուն մէջ յաճախակի ակնարկութիւններու կը հանդի­պինք աւանդութեան կարեւորութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ուշա­գրաւ են հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) մարգարէներուն եւ առաք­եալ­ներուն կողմէ ժողովուրդին ուղղուած զգուշացում, թէ պէտք չէ Աս­տու­ծոյ պատուիրաններէն հեռանալ, եւ մարդկային սովորութիւններուն կառ­չիլ (Մր 7.13, 1.3): բ) թելադրութիւն՝ կառչած մնալու աւանդու­թիւն­նե­րուն եւ ըլ­լա­լու հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն, որոնք մարգա­րէներուն ու առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած են ժողո­վուր­դին (Բ.Թես 2.14):

 

Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, աւանդութիւններուն արմատները պէտք է առնչուած ըլլան Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքին, վկա­յու­թեան, առաքելու­թեան ու պատմութեան, եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, ար­ժէք­ներուն ու սկզբունք­նե­րուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էու­թիւնն ու ինք­նու­թիւնը: Արդարեւ, որեւէ եկեղեցիէ ու քրիս­տոնեայ ժո­ղո­վուր­դէ աւելի, մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պարագային այս իրողութիւնը այնքա՜ն զօրեղ կերպով շեշտուած է: Մենք ո՛չ միայն առաջին ժո­ղովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ նաեւ քրիստո­նէու­թիւնը հայ կեան­քէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը քրիստոնէացած: Քրիստոնէութեան ու հայութեան այս ամուր շաղա­խումը մեր ժողո­վուրդը մղած է քրիստոնէական նկարա­գիր տալու հին հեթանոսական աւանդութիւններուն, եւ երբեմն նոյն­իսկ՝ զանոնք հեռացնելու հայ կեան­­­քէն եւ նորը հաստատելու: Սուրբ Գրիգոր Լու­սա­ւորիչ Հայ­րա­պետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդու­թիւն­ները, ըլլան անոնք կրօ­­նա­կան, մշակութային, ազգային թէ ընկե­րային թրծուած են աստուա­ծաշնչական ուսուցումներով ու ար­ժէք­նե­րով:

 

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աստուծոյ Միածին Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, աշակերտներուն  թելադրեց երթալ աշխարհի չորս ծագերը եւ քա­րո­զել իր ուսուցումները: Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելու­թիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն: Քրիստոսի փոխանցած առաքե­լու­թիւնը իրագործելու ընթացքին  հին աշ­խար­հի զանազան շրջաններէն ներս յառաջացան կրօնական համախմբումներ ու հա­մայնքներ: Անոնք հետզհետէ սկսան կազ­մաւորուիլ՝ հաւաքներ կազմակերպելով, հաւաքական պաշտամունք­ներ կատարելով, պատասխանատուներ նշանակելով, յարաբերու­թիւն­ներ մշակելով: Այդ շրջանին տակաւին գո­յութիւն չունէին Աստ­ուածաշունչ, ծէս կամ նուիրապետութիւն: Եկե­ղեցին կազմաւոր­ուե­ցաւ կենդանի Աւանդութեան մը շուրջ, որուն մաս կը կազմէին այն բոլոր վկայութիւնները եւ ուսուցումները, որոնք փո­խանցուած էին Քրիստոսէն՝ իր առաք­եալներուն ու աշա­կերտ­նե­րուն ճամբով:

Արդ, Աւանդութենէն ծնաւ Աստուածաշունչին կազ­մա­ւո­րումը ա­ռա­ջին դարու աւարտէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ՝ դաւա­նական ու ծի­սական շարք մը աւանդութիւններ: Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը դնէ Աւանդութեան ու աւանդութիւններուն միջեւ: Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որով­­­հետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոն­­­դակ­ներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսու­ցում­ներ՝ այլ խօսքով, եկե­ղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարա­գային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկա­րա­գիր ունին եւ կրնան փոփո­խութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւան­դու­թիւնները եւս կարեւոր են, պայ­մանով սակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունե­նան քրիստոնէական կրօնի հիմնա­կան ճշմարտութիւննե­րուն, ուսու­ցումներուն ու հաւատալիք­նե­րուն հետ:

 

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԾԷՍ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Աւանդութիւնները անմիջականօրէն աղերս ունի մարդկային կեան­քի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ, եւ հետեւաբար, միշտ ենթակայ են շրջապատի ազ­դեցութեան, փոփոխութեան, վերանորոգման, ու նոյն­իսկ՝ կորստեան: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյ­թին, որով­հետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողը ու կազ­մա­ւո­րողը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու արտայայտութիւն տուողը: Աւանդու­թիւն­ները նաեւ կապ­ուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւան­­դութեան միախառնումը մէկ կողմէ՝ աւանդութիւնները պահած են անվ­թար, միւս կողմէն՝ աւանդութիւն­ները տուեալ ծէսին իւ­րայատկու­թիւնը պահած են ամուր: Աւան­դու­թեան առնչութիւնը մի­ջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական, որով­հե­տեւ միջավայրին ճամբով ինք­զինք արտայայտելով, աւանդու­թիւնները միշտ ենթակայ եղած են անոր ազ­դեցութիւններուն:

Մեր մատնանշած երեւոյթները այնքան ցայտուն կերպով ի յայտ կու գան մեր ժողովուրդի պարագային: Արդարեւ, երբ պահ մը դիտենք­ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը, ներքին վերի­վայ­րումները, տեղափոխութիւնները, միջավայրի փոփոխութիւնները ու յատկապէս մշա­­­կոյթի տիրական ներկայութիւնը, յստակօրէն կը նշ­մա­րենք աւան­դութիւններուն կարեւոր դերը: Սնայուն տեղաշարժի են­­թա­կայ մեր ժո­ղովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տես­նենք մեր աւանդու­թիւններուն մէկ մասին կո­րուստը կամ գունա­­թա­փումը եւ նոր աւան­դութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ակա­­­նա­տես կը դառ­նանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր ար­տայայ­տու­թիւն­­ները՝ Միջին Արե­ւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որ­պէս հետեւանք մի­ջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երե­ւոյթ­ները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն՝ վերա­շեշտելու աւանդութեան ներկայացու­ցած անփո­խա­­րի­նելի կարեւո­րու­թիւնը, եւ միւս կողմէն՝ անհրաժեշ­տու­­թեան պա­րա­գային, անց­եա­լէն ժառանգուած աւանդու­թիւն­ները վե­րատե­սու­­թեան ու բարեփո­խու­թեան ենթարկելու հրամա­յականը:

* * *

ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱՇԵՇՏԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ
ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ինչպէս տեսանք, աւանդութիւնը բոլոր ժողովուրդներու ու կրօննե­րու կեանքէն ներս կենսական նշանակութիւն ու յատուկ կարեւո­րու­թիւն ունի: Նո՛յնն է պարագան, եւ աւելիո՛վ, մեզի համար, որ­պէս տա­ռապալից պատմութիւն ու լայնատարած սփիւռք ունե­ցող եւ համեմա­տաբար փոքր ժողովուրդ: Արդ, անհրաժեշտ է մեր պատմութեան փոր­­­ձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.-

ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է: Ճի՛շդ է, հաւատքը, մշակոյթը, հայրենիքը, լեզուն եղած են եւ կը մնան մեր ժողովուրդի գո­յութեան հզօր սիւները. սակայն, յիշեալ արժէք­ները պահողը, ամրացնողը եւ անոնց իւրայատկութիւնը երաշխաւո­րո­ղը ու զանոնք իրարու կամրջողը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցողը աւան­դութիւնն է:

բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ աւանդութիւնն է որ ժամանակի ու միջոցի սահման­ները անդրանցնելով ամուր կը պահէ ու կը պահպանէ մեր ազգի պատ­մութեան անշեղ ու յարատեւ ըն­թացքը:

գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է: Պատմու­թիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ յաճախ գաղթի ենթարկուած եւ զարգացման տարբեր հոլովոյթ ունեցող մեր ժողովուրդին բեկորնե­րուն մօտ մէկ ազգի պատկանելիութիւնը զօրեղ պահողը միշտ եղած է աւանդութիւնը:

դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է: Ինչպէս որեւէ ազգի պարագային, նաեւ մեր մօտ, մեր ժողովուրդը, եկեղեցին ու մշակոյթը ուրիշներէն զանազանողը աւանդութիւնն է: Այլ խօսքով՝ մեր ազգի իւրայատուկ ինքնութեան կարեւոր արտայայտիչ­ներէն մէկն է աւանդութիւնը:

ե) Մեր արժէքները ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պա­­հո­­ղը ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդու­թիւնն է:

զ) Վերջապէս, Սփիւռքի տարածքին, հայապահպանման զօրեղ ազ­­դակներէն մէկն է աւանդութիւնը:

Յիշեալ հաստատումները տեսական չեն, այլ մեր ժողովուրդի անց­եալի ու ներկայի պատմութենէն ու կեանքի փորձառութենէն թելադ­րուող կարեւոր յիշեցումներ: Երբեմն սխալ ըմբռնում կը նկատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, աւանդութիւնը համարելով պարզա­պէս անցեալ, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներ­կայ ժամանակ­ներուն անյա­րիր: Մերժելի է նման մտայնութիւն ու մօ­տեցում: Ժողո­վուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյա­տե­ւէ պատմու­թեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’ար­տայայտէ միջա­վայրի մը մէջ: Իր աւանդու­թիւն­ներու ճամ­բով իր սե­փական արժէք­ները ու իտէալները կը փոխանցէ գալիք սերունդնե­րուն: Աւանդութիւնը ո՛չ անցեալ է եւ ո՛չ ալ անցեալի մէջ կը պահէ անոր հետեւողը: Ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է անոր աւան­­դութիւնները ճանչնալ:

* * *

ՀԱՐԿ Է ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ
ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Համաշ­խար­հային մշակոյթով տիրապետուած, գիտութեամբ ու ճար­տարա­գիտու­թեամբ շաղախուած ներկայ ժամանակներուն, աւելի քան երբեք ա­ւան­դութիւնը կը նկատենք հրամայական, յատկապէս մեր փոքր ազ­գին, եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն ո՛չ աւանդամոլ: Հարկ է ըլլալ հաւա­տա­րիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվե­րածել անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի: Համոզուած ենք, որ ինքնու­թիւն կլանող, արժէքներ ու աւանդութիւններ ջլատող, իւրայատկութիւններ այլափոխող ու ամէն տեղ մեզ շրջապատող համաշխարհային մշա­կոյ­­թին դիմաց՝ աւանդութիւնը ինք­նապաշտպանութեան, ինքնահաս­տատ­­ման, ինքնարտայայտու­թեան կարեւոր գործօն մըն է: Եւ որպէս­զի այս գործօնը դառնայ աւելի զօրեղ ու ազդու.–

1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդու­թիւնները վերանայման ենթարկուին: Պատմութեան ընթացքին, մի­ջավայրի ազդեցութիւնը կրած մեր աւանդութիւնները պէտք է որ դառ­նան համահունչ ներկայ ժամանակներու ոգիին ու պայմաններու դրուածքին ինչպէս նաեւ մեր սպասումներուն ու կարիքներուն, ա­ռանց սակայն կորսնցնելու իրենց հիմնական տարրերը ու իւրայատ­կու­թիւնը: Այլ խօս­քով՝ հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը:

2) Անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները դարձնելով աւելի գրաւիչ ու մատչելի, զանոնք տանինք ժողովուրդին, յիշեցնելով անոնց կա­րե­ւո­րութիւնը մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնը ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով՝ յատկապէս Սփիւռքեան պայման­նե­րուն մէջ:

3) Անհրաժեշտ է, որ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան նոր տիպի աւանդութիւններ մշակենք, որպէսզի կարելի դառնայ նոր սերունդները ներգրաւել մեր կեանքէն ներս: Սակայն հարկ է որ նոր աւանդութիւններու հաստատումը համապատասխանէ մեր հոգեւոր, բա­րո­յա­կան ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն:

4) Վերջապէս անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները սոսկ չպահենք, այլ զա­նոնք աւելի հարստացնենք, սոսկ անցեալի չվերածենք, այլ ներ­կային մէջ ապրի՛նք՝ անոնցմէ եկող ոգին ու պատգամը մեր կեան­քին մէջ թարգմանելով:

Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիս­տոն­եա­ներուն պատգամ մը կ’ուղղէ ըսելով՝ ձեր հայ­րերու աւանդու­թիւններուն ամուր կառչեցէք (Բ.Թես 2.15): Այսօր, Առաքեալին խօսքը փոխ առնելով, որպէս հայրական պատգամ մեր ժողովուրդի զաւակ­նե­րուն ջերմօրէն կը թելադրենք.– ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զո­հո­ղութեան պահ­ուած աւանդութիւններուն, այն հաստատ համո­զու­­մով ու խոր գի­տակ­ցութեամբ, թէ՝

– մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր՝ պատմութեան ար­հաւիրքներուն դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին՝ ինք­նու­թիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ՝ պայմաններուն պար­տադրած վերիվայրումին դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները ար­ծարծ պահող կենդանի յուշարարներ՝ մարդկութեան լռութեան դի­մաց:

Այո՛, այսպէ՛ս եղան աւանդութիւնները մեր ժողովուրդին համար իր ողջ պատմութեան ընթացքին: Այսպէս են նաեւ այսօ՛ր՝ ներկայ փո­թորկալից աշխարհին մէջ:

Այլ եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու տուած Մեր այցելու­թիւն­­ներուն ընթացքին, տեսած ենք թէ ինչպէս անոնք անշեղօրէն հաւա­տարմօրէն կառչած են իրենց աւան­­դու­թիւններուն, երբեմն նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն անյա­րիր ու տարօրինակ թուացող աւան­դու­թիւններուն՝ կենցաղային պայ­մաննե­րէն սկսեալ մինչեւ կրօնի ու մշակոյթի հետ աղերս ունեցող մարզեր: Այդ ամուր կապուածութիւնը աւանդութիւններու արտաքին ձեւէն անդին՝ առնչուած է անոնց ճամ­բով արտայայտուող արժէքներուն, ոգի­ին, գա­ղափա­րին, ինքնու­թեան ու տեսլականին:

Նո՛յն մօտեցումը ու հաւա­տար­մութիւնը պէտք է ունե­­նանք նաեւ մե՛նք մեր կրօնական ու ազ­գային աւանդու­թիւն­նե­րուն նկատմամբ:

Մեր ժողովուրդին մօտ աւանդութեան նկատ­մամբ որեւէ ձեւի մա­կե­րեսային վերաբե­րում, անտեսում կամ անտարբերութիւն, հարկ է որ փոխ­ուի: Արդարեւ, մեր անցեալը ներ­կային կա­պող, ներկան ամ­րա­պնդող ու ապագային բացող ու մեր ժո­ղո­­վուր­­դի ոգին, հաւատքը ու տեսլականը արտայայտող աւանդու­թիւն­ներուն նկատմամբ անհրա­ժեշտ է ունենալ հաւա­տարմութիւն ու նախան­ձախնդրու­թիւն:

 

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է

Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատաս­խանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնա­հեր­թութիւն: Բազմաթիւ են ու բազմազան անցեալէն եկող աւանդու­թիւնները: Անհրաժեշտ է կարեւորութեան ու այժմէականութեան կար­­­գով վերադասաւորումի ենթարկել մեր աւանդութիւնները ու զա­նոնք վերականգնելու, վերանորոգելու ու ներկայ պայմաննե­րուն պատ­­շա­ճեցնելու ուղղութեամբ լծուիլ աշխատանքի: Անցեալին այս գծով որոշ փորձեր կատարուած են: Անհրաժեշտ է աւելի լայն մաշ­տապով ու համապարփակ կերպով ձեռնարկել նման  կարեւոր գործի: Այս ծի­րէն ներս, եկե­ղեցին, դպրոցը ու մեր մտաւո­րա­կան­ները կա­րեւոր դեր ունին կատարելիք:

Հետեւաբար, կը թելադրենք, որ

1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հո­գեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:

2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յա­տուկ գրքոյկներ պատրաստուին աւանդութիւններու ծնունդը, հոլո­վոյ­թը եւ նպատակը պարզող:

3) Հոգեւոր հայրեր, թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, յիշեցնեն մեր աւանդութիւն­նե­րուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:

4) Մեր կառոյցները, յատկապէս տիկնանց միութիւնները, ժողո­վր­դա­յին յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն՝ աւանդութիւններ բա­ցատ­­րող ու անոնց դերը ու այժմէականութիւնը պարզող:

Վստահ ենք, որ յիշեալ գործնական քայլերը մեր զաւակները պիտի մղեն վերականգնելու, վերարժեւորելու ու վերակենսաւորելու մեր այն­քան գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութիւնները ներկայ ժամա­նակ­ներու լոյսին տակ:

Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս մեր հայ­րական օրհնութիւնը կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կ’աղօ­թենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով պա­ծառակերպէ մեր ժողովուրդին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշ­խարհի:

­Աղօ­թա­րար՝

 

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

1 Յունուար, 2025
Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան