«ՄԻՒԶԻՔԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» ԾՐԱԳՐԻ 40-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ
Կիրակի, 9 Մարտին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքլ Արմինիա» ծրագրի 40-րդ տարեկան համերգը Գառնըկի Հոլի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ։ Այս տարուան համերգին մաս պիտի կազմեն նորարար երգահան ու դաշնակահար Առնօ Մելքոնեան եւ խոստմնալից դաշնակահար Վարդան Առաքելեան։
Առնօ Մելքոնեան պիտի նուագէ երաժիշտներ Անալունա Շահինի (ջութակ), Ալիա Շինի (ջութակ), Մինճուն Սէօ (ջութ), Տէվին Քոնոլի (թաւջութակ) եւ Ալիռեզա Խոտայարի (թառ)։
«Միւզիքլ Արմինիա» հաստատուած է 1982-ին Թեմիս նախկին Առաջնորդներէն՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, եւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Անոր նպատակն է քաջալերել երիտասարդ հայ արուեստագէտներ եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան կատարումը։ Վերջին քառասնամեակին, ծրագրի մեկնաբաններէն շատերը յաջող դէմքեր դարձած են իրենց ասպարէզին մէջ։ Առ ի ծանօթութիւն, յայտնենք, թէ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի եւ պսակաձեւ ժահրի համավարակի պատճառով տեղի ունեցան ընդմիջումներ յայտագրին մէջ։
Առնօ Մելքոնեան ծնած է Երեւան եւ ապրած՝ Միջին Արեւելքի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնը կը միախառնէ ուշ վիպապաշտ շրջանի երաժշտութիւնը փոփ, ճազ եւ հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ու երգի ազդեցութիւններու հետ։ Ներկայիս կ՚ուսանի Պոսթընի Պերքլի երաժշտական գոլէճին մէջ։
Վարդան Առաքելեան սկսած է դաշնակի դասերու 4 տարեկանին Լիլիթ Կարապետեան-Շուգարեանի հետ։ Մասնակցած ու բարձր մրցանակներու արժանացած է միջազգային մրցոյթներու մէջ։ Ներկայիս երկրորդականի 3-րդ տարուան աշակերտ է Պաքինկհէմ Պրաուն եւ Նիքըլզ դպրոցին մէջ (Գեմպրիճ, Մէսէչուսէթս)։
Յայտագրին մաս պիտի կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Շոփէնի, Շումանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Առնօ Մելքոնեանի գործեր։
Տոմսակներուն գիները 35 եւ 25 տոլար են։ Տոմսակներու համար կարելի դիմել Գառնըկի Հոլին, հեռաձայնելով 212-247-7800 թիւին կամ այցելելով www.carnegiehall.org կայքէջը։ Համերգի հովանաւոր դառնալու համար, դիմեցէք Ազգային Առաջնորդարանին հեռաձանելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով sophie@armenianprelacy.org հասցէին։