Մեր ծուխերէն

Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՏՕՆԵՑԻՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԸ

5 Յունուարին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Ճրագալոյցի յատուկ Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս), ուր երկու եկեղեցիներու հաւատացեալները միացած էին տօնախմբելու Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը։

Երկու ծուխերէն 29 մանուկներ դպրաց դասին միացած էին Ս. Պատարագի շարականները երգելու։ Աւելի քան 120 հաւատացեալներ ամբողջութեամբ եկեղեցին լեցուցած էին յուզիչ արարողութեան համար։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մարինա Մերեանի եւ Լինտա Պըլոքի, երգեց Ս. Ծննդեան երգեր։ Երեկոն փակուեցաւ հաւաքական ընթրիքով եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Յառաջիկայ տարի, այս միացեալ Ս. Պատարագը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։