Prelacy News

ՄՀԵՐ ԱԲԵՂԵԱՆ (ծնունդ՝ 26 Յունուար, 1909)

Նկարիչ Մհեր Աբեղեան 1940-1980-ական թուականներուն յայտնի անուն մը եղած է խորհրդահայ նկարչութեան մէջ։

Ծնած է 26 Յունուար 1909-ին, Վաղարշապատի մէջ։ Նշանաւոր հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի որդին էր։ 1922-1927-ին ուսանած է Երեւանի գեղարուեստա-արդիւնաբերական ուսումնարանին մէջ, իսկ այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Մոսկուայի (1927-1930) եւ Lենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերսպուրկ, 1930-1931) գեղարուեստի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։ 1937-1945 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Փանոս Թերլէմէզեանի անուան գեղարուեստական ուսումնարանին մէջ, իսկ 1939-1945-ին վարած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան նախագահութիւնը։ 1954-1959 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ։ 1960-ին Հայաստանի ժողովրդական նկարիչի տիտղոսին արժանացած է։ 1967-1968-ին վերստին Նկարիչներու Միութեան նախագահ եղած է։ 1990-ին բացուած է Էջմիածնի (այժմ՝ Վաղարշապատ) Մհեր Աբեղեանի թանգարանը, որ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի մասնաճիւղերէն մէկն է։

Երեւանի եւ Խորհրդային Միութեան այլ քաղաքներու մէջ անհատական քանի մը ցուցահանդէսներ ունեցած է։  Անոր գործերէն նմոյշներ ցուցադրուած են Լոնտոնի, Պրիւքսէլի, Նիւ Եորքի եւ այլ քաղաքներու մէջ։

Մհեր Աբեղեանի իրապաշտ արուեստը ձեւաւորուած է ազգային գեղանկարչութեան աւանդութիւններու, մասնաւորապէս Մարտիրոս Սարեանի արուեստի ազդեցութեամբ։ Գործերը կը յատկանշուին գոյներու եւ լոյսի առատութեամբ։ Անոր արուեստին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայաստանը իր բնութեամբ, մարդոցմով եւ բարիքներով։ Վարպետօրէն օգտագործած է պատկերման տարբեր կարելիութիւններ իր փորագրութիւններուն մէջ, որոնք նկարազարդած են տարբեր հատորներ, ինչպէս «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի համահաւաք բնագիրը (1939), Յովհաննէս Թումանեանի «Ախթամար»ը (1953) եւ այլն։

Մահացած է 20 Նոյեմբեր, 1994-ին, Երեւանի մէջ։