Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԶՕՐԱՎԱՐ ԺՈԶԷՖ ԱՈՒՆԸ

Երկուշաբթի, 20 Յունուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 18 միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը, այցելեց Լիբանանի նախագահական ապարանքը՝ երկրի հայ առաքելական համայնքին անունով իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնելու նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունին: Նորին Սրբութեան ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:

Ողջունելով նախագահ Աունի ընտրութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ անիկա նոր էջ մը կը բանայ Լիբանանի կեանքին մէջ: «Ընտրութենէն անմիջապէս ետք ձեր արտասանած խօսքը յստակօրէն կը պարզէ ձեր տեսլականն ու յանձնառութիւնը Լիբանանի նկատմամբ. իմաստուն ու քաջ կեցուածք մը, որ յոյս կը ներշնչէ ժողովուրդին», շեշտեց Հայրապետը: Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելցուց, թէ «Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն դիմաց, նախագահի գործունէութիւնը պէտք է դառնայ Լիբանանի փրկութեան ուղղուած առաքելութիւն», եւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը պատրաստ է գործնապէս մասնակից դառնալու այդ առաքելութեան: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը նախագահին ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ ներքին ու թեմական կառոյցներով:

Իր հերթին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ հայ համայնքին իր նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն ու բարեմաղթութիւններուն համար: Ան մեծ կարեւորութիւն ընծայեց հայ համայնքին մասնակցութեան թէ՛ կազմուելիք կառավարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի վերականգնումի աշխատանքներուն, շեշտելով բոլոր համայնքներուն միասնաբար գործելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ Լիբանանը առաջնորդել դէպի բարգաւաճում:

Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Բարձրբերդի Աւետարանին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահ Աունին։ Հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը եւ երեսփոխան Բագրատունի առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցան նախագահին հետ՝ կազմութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր կառավարութեան գծով: