Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅՈՎՀԱՆ ՄԻՐԶԱ-ՎԱՆԱՆԴԵՑԻ (մահ՝ 3 Փետրուար, 1841)

Յովհան Միրզա-Վանանդեցի հայ դասականութեան (classicism) յայտնի ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է, որ իր գործերը գրած է գրաբարով՝ 19-րդ դարու առաջին կէսին։

Բուն անունով՝ Ամիրզադէ Միրզայեան, ծնած է 1772-ին, Վանի մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կտուց կղզիի անապատին մէջ։ 1798-ին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Մայր Դպրատունը։ Յաջորդ տարիէն սկսեալ,  աստուածաբանութիւն եւ հոգեբանութիւն դասաւանդած է Զմիւռնիոյ (Իզմիր) նորաբաց «Մեսրոպեան» վարժարանին մէջ։

Իր առաջին գործին մէջ՝ «Ճառ ներբողական ի սուրբ Խաչն Քրիստոսի եւ պատմագրական առասացութիւն ի Սուրբ Նշանն Գ․ Վանանդեցի Յ․ Վանանդեցի Վարագայ» (1816, հրատարակուած՝ 1853-ին), Յովհան Միրզա-Վանանդեցի տուած է Վարագայ Ս. Խաչ վանքի կառուցման պատմութիւնը, վեր հասնելով քրիստոնէութեան դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ 1829-ին Վանանդեցի աւարտած է «Տեսարան հանդիսիցն Հայկայ, Արամայ եւ Արայի» դիւցազներգութիւնը (հրատարակուած է 1856-ին), որուն նիւթը հայ ժողովուրդի պատմական-առասպելական հնագոյն շրջանն է։ Հիմնականին, հեղինակը հետեւած է Խորենացիին, թէեւ որոշ յաւելումներով ու շեղումներով։ 1836-ին լոյս տեսած «Արփիական Հայաստանի» դիւցազներգութեան մէջ (10.000 տող) շարադրուած է քրիստոնէութեան հռչակման պատմութիւնը ըստ Ագաթանգեղոսի։ Այնուհետեւ, Վանանդեցի գրած է իր վերջին դիւցազներգութիւնը՝ «Ոսկի դար Հայաստանի» (1841), 5500 տողով։ Հեղինակը բարձրարժէք գործ մը ստեղծած է շնորհիւ իր հարուստ գիտելիքներուն եւ հայ բանաստեղծական արուեստի կանոններու տիրապետութեան։ Այս երեք դիւցազներգութիւններով, Վանանդեցի ձեւ եւ ուղղութիւն տուած է հայկական դասականութեան Զմիւռնիոյ թեւին, առհասարակ սկզբունքներ թելադրելով հայկական դասականութեան համար։

Յովհան Միրզա-Վանանդեցիի ամենէն յայտնի բանաստեղծութիւնը՝ «Առ Հայաստան», ծանօթ է մինչեւ այսօր իր առաջին տողով՝ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»։ Երգի վերածուած է Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ։

Մահացած է 3 Փետրուար, 1841-ին, Զմիւռնիոյ մէջ։