ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐ
![](https://armenianprelacy.org/wp-content/uploads/2020/11/anoushavan-bio-picture.jpg)
“Crossroads”-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հռչակագրին, որ 2025 թուականը Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի յայտարարած, երբ ընկերային եւ արհեստագիտական փոփոխութեան արագընթաց բնոյթը մարտահրաւէր կը կարդայ դարաւոր արժէքներու։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նշեց, թէ Ազգային Առաջնորդարանի ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի հռչակագիրը գործնական կեանքի թարգմանելու համար։
«Հռչակագիրը մօտէն կը կապուի մեր առաքելութեան հետ՝ հայ հաւատքը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պահպանելու եւ հարստացնելու Սփիւռքի մէջ։ Այս ուղղութեամբ, արդէն հաստատած ենք «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» լսարանը, որ քրիստոնէական դաստիարակութեան նոր նախաձեռնութիւն մըն է եւ ուղղուած մեր շրջանի ծուխերը ծանօթացնելու եւ ընտելացնելու մեր ծիսական, հոգեւոր, ընկերային եւ այլ դարաւոր աւանդութիւններու հետ», յայտնեց Սրբազան Հայրը։ Աւանդութիւններու վերակենսաւորումը գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Ս. Ղեւոնդեանց հոգեւորականաց համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25-26 Փետրուարին։ Կը ծրագրուի տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպել աւանդութիւններու մասին, ինչպէս եւ դաստիարակչական նիւթեր պատրաստել։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս աւելցուց, թէ Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը կը լրացնէ ու կ՚ընդարձակէ արդէն կատարուող աշխատանքը։
Գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է մեր աւանդութիւններու ներկայացումը այնպիսի ձեւերով, որոնք հաշտ ըլլան նոր սերունդի արդիական հասկացողութիւններուն։ Պէտք է անոր հասնիլ թուային հարթակներու եւ փոխներգործօն (interactive) ծրագիրներով, ինչպէս եւ այլեւայլ ձեւերով, որոնք մատչելի ըլլան անոր։
«Թոյլ տուէք յիշեցնել, որ պատմութեան ընթացքին, եւ յատկապէս ընկերային եւ արհեստագիտական ցնցումներու ժամանակ, մարդկութիւնը հակում ունեցած է գլխագիր Աւանդութենէն հրաժարելու իբրեւ թէ հինցած ըլլալուն համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը, յիշելով Եկեղեցւոյ վերաբերումի օրինակներ, ինչպէս ֆրանսական եւ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնները, եւ անաստուածութեան գործօն տարածումը Խորհրդային Միութեան եւ համայնավար երկիրներու մէջ։ «Այո», աւելցուց, «երբեմն երիտասարդութիւնը կը զգայ, որ անկամրջելի բաց մը զինք կ՚անջատէ աւելի հին սերունդներէ եւ հաստատութիւններէ, բայց քանի մը տարի կը բաւէ անդրադառնալու, թէ ինչ որ էական է՝ յաւերժական է»։ Յիշելով, թէ ամէնուրեք Աւանդութիւնը մարդկային հոգիի արտայայտութիւններ կը դրսեւորէ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս աւելցուց, թէ «հայութեան պարագային, Աւանդութիւնը մեզ կ՚ընէ ինչ որ ենք, տիեզերական ու եզակի ազգ մը, աշխարհասփիւռ ժողովուրդ մը հին եւ նոր երկիրներէ բազմաթիւ աւանդութիւններով, որոնք միացած են Աւանդութեամբ»։
Անդրադառնալով հռչակագրին մէջ յիշուած Սփիւռքի «մաշում»ի վտանգին, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, թէ ձուլումը կարեւոր մտահոգութիւն մըն է, եւ կեդրոնացած ենք քաջալերելու դաստիարակչական յայտագիրներ, մշակութային ձեռնարկներ եւ հոգեւոր ղեկավարութիւն, զօրավիգ կանգնելու անհատներու՝ ազգային իրենց ինքնութեան փարելու, միաժամանակ տեղական ընկերութեան իրենց նպաստը բերելով։ Ան յիշեց «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանը, «Սիամանթօ» լսարանը, «Աղ եւ Լոյս» ծրագիրը, համալսարանական առաքելութիւնը իբրեւ օրինակներ, որոնք կը զօրացնեն մեր երիտասարդութեան պաշտպանութեան համակարգը։