ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ ԵՂԵՐԱԿԱՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
![](https://armenianprelacy.org/wp-content/uploads/2025/02/Anania-Koujanian.jpg)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, յանուն Թեմիս Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, հոգեւորականաց դասուն եւ համայն ժողովրդեան, խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եւ Կիլիկեան Ուխտի միաբաններուն, Գերպ. Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գուճանեանի եղերական մահուան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Փետրուարին։
Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան, աւազանի անունով՝ Անդրանիկ, ծնած է 1 Յուլիս, 1982-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց նախակրթարանի, ապա ուսումը շարունակած՝ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի միջնակարգի բաժնին մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1995-ին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի հնգամեայ ուսումը, անցած է Ընծայարանի բաժին եւ առաջին տարուան աւարտին, 2 Յունիս, 2002-ին, ձեռնադրուած է սարկաւագ, ձեռամբ Տ. Տիրայր Եպս. Փանոսեանի։
Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած ու օծուած է 7 Յունիս, 2004-ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Անանիա Աբեղայ։
2005-ին հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնած է Ատրպատականի Հայոց Թեմ, ստանձնելով Ուրմիոյ հայ գաղութին հոգեւոր հովուութիւնը։ Երեք տարի ծառայելէ ետք, վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած վանական զանազան պատասխանատուութիւններ։
2009-ին դարձեալ հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղղուած է Սպահանի Հայոց Թեմ, այս անգամ ստանձնելով Շահինշահրի հոգեւոր տեսչութիւնը։
Վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացած է 5 Դեկտեմբեր, 2010-ին, ձեռամբ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայ Դատը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը» նիւթը։ Որպէս գնահատանք բարւոք ծառայութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 2012-ին ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք. իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն՝ 22 Մայիս, 2016-ին, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, իբրեւ աւարտաճառի նիւթ ունենալով «Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակները»։
Սպահանի Հայոց Թեմին մէջ ութ տարի ծառայելէ ետք, 2017-ին վերադարձած է Անթիլիասի Մայրավանք եւ նշանակուած՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի օգնական եւ քարոզիչ։
2020 թուականէն մինչեւ վախճանումը, Հայր Սուրբը հոգեւոր տեսուչը եղած է Պէքայի շրջանին։
Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան վերջին օծումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 4 Փետրուարին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա, մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք, ուր կատարուեցաւ գերեզմանի կարգը եւ մարմինը ամփոփուեցաւ միաբանական դամբարանին մէջ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։