Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳՐԻԳՈՐ ԽԱԼԱԹԵԱՆՑ (մահ՝ 8 Փետրուար, 1912)

Պատմաբան ու բանասէր Գրիգոր Խալաթեանց հայագիտութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է, որուն գործերէն մէկ քանին իրենց ծայրայեղ եզրակացութիւններով մերժուած են գիտութեան կողմէ, բայց ուրիշներ պահած են իրենց արժէքը մինչեւ այսօր։

Ծնած է 15 Սեպտեմբեր, 1858ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմ՝ Գիւմրի)։ 1868-1877 թուականներուն ուսումը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ, իսկ երեք տարի (1877-1880) բժշկութեան հետեւելէ ետք Մոսկուայի համալսարանին մէջ, 1884-ին աւարտած է պատմա-լեզուաբանական ճիւղը։ Երկու տարի կատարելագործուելէ ետք Գերմանիոյ մէջ, 1886-1912ին հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է Լազարեան ճեմարանին մէջ։ 1890ին հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ եղած է, իսկ 1897-1903-ին՝ ճեմարանի տեսուչ։

Խալաթեանց գործօն կերպով մասնակցած է տարբեր քաղաքներու հայ մշակութային կեանքին եւ նպաստած՝ հայագիտութեան զարգացման Ռուսաստանի մէջ։ Աշխատակցած է հայ եւ օտար պարբերական մամուլին։ Աւելի քան 30 գիտական աշխատութիւն գրած է (աշխարհաբար, գրաբար, ռուսերէն եւ գերմաներէն) հայ ժողովուրդի պատմութեան, մատենագրութեան, բանասիրութեան եւ ազգագրութեան վերաբերեալ։ Ան թարգմանած է Գարեգին Սրուանձտեանցի յայտնաբերած «Սասունցի Դաւիթ» տարբերակը ռուսերէնի (1881) եւ գերմաներէնի (1886)։

Խալաթեանց առանձնապէս հետաքրքրուած է Մովսէս Խորենացիով։ Զբաղած է Խորենացիի, Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի երկերու աղբիւրներուն ու անոնց փոխադարձ կապերուն քննութեամբ, ուշադրութիւն դարձնելով անոնց մէջ առկայ որոշ նմանութիւններու, որոնք կը բխին միեւնոյն նիւթերու բովանդակութենէն եւ զանոնք համարած է նոյնութիւններ կամ արտագրութիւններ եւ փորձած է անոնց լուսաբանութիւնը, իյնալով ծայրայեղութիւններու մէջ։ Այս մասին գրած է զանազան աշխատութիւններ, ինչպէս «Ղազար Փարպեցի եւ գործք նորին» (1883), «Մովսէս Խորենացի եւ իւր աղբիւրները» (1896), «Հայոց վէպը Մովսէս ԽորենացուՊատմութեան մէջ» (1896, ռուսերէն), «Մովսէս Խորենացու նորագոյն աղբիւրների մասին» (1898)։

Խալաթեանցի գլուխ գործոցը կը համարուի «Հայ Արշակունիները Մովսէս Խորենացու «Հայոց պատմութեան» մէջ» (1903, ռուսերէն) մեծածաւալ աշխատութիւնը, որ նուիրուած է հայ Արշականունիներու եւ անոնց մասին Մովսէս Խորենացիի տեղեկութիւններուն առնչութիւններու խնդրին։ Այս աշխատութեան համար, հեղինակը դոկտորի կոչումը ստացած է Ս. Փեթերպուրկի կայսերական ակադեմիայէն։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած է նաեւ «Ակնարկ Հայաստանի պատմութեան» (1910, ռուսերէն) մեծարժէք երկը, որուն մէջ Խալաթեանց շարադրած է երկրի քաղաքական ու տնտեսական պատմութիւնը հնագոյն շրջանէն մինչեւ Հայաստանի քրիստոնէացումը։

«Հայ ժողովրդական հեքիաթների ընդհանուր ուրուագիծ» աշխատութեան մէջ (1885՝ ռուսերէն, 1886՝ գերմաներէն), Խալաթեանց աշխատած է ցոյց տալ հայոց, սլաւոնական եւ գերմանական ժողովրդական հեքիաթներուն միջեւ կապը։ Գիտութեան համար չափազանց արժէքաւոր էին «Ա. եւ Բ. Մնացորդաց գրքերի նորագիւտ հայ թարգմանութիւնը» (1896) և «Գիրք Մնացորդաց ըստ հնագոյն հայ թարգմանութեան» (1899) երկերուն հրատարակութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում են Սուրբ Գրոց հայ թարգմանութեան պատմութեան լուսաբանութեան համար։  համար։ «Ծրագիր հայ ազգագրութեան եւ ազգային իրաւաբանական սովորութիւնների» (1887) գործին մէջ, Խալաթեանց մատնանշած է այն ուղին, որով պէտք է ընթանայ ազգագրագէտ-բանահաւաքը։ Անոր նախաձեռնութեամբ հիմնուած է «Էմինեան ազգագրական ժողովածու»ն, որուն առաջին ութը հատորներուն խմբագիրը եղած է։

Մահացած է 8 Փետրուար, 1912ին, Թիֆլիսի մէջ, ուր թաղուած է։