Առաջնորդարանէն

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ

Երեքշաբթի, 21 Յունուարին, միջ-եկեղեցական աղօթք կատարուեցաւ Պոսթընի կաթոլիկ թեմի Բեթանիա մատրան մէջ, Ռիչըրտ Արք. Հեննինկի հրաւէրով։

Հաւաքը առիթը տուաւ, որ Նիւ Ինկլընտի քրիստոնեայ եկեղեցականները միասնաբար աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար։

Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պաշտօնատար՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, աղօթքին ներկայացուց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը։