Մեր դպրոցներէն

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած ուսուցիչներու վերաորակաւորման երկամսեայ ծրագրի երրորդ առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 1 Փետրուարի յետմիջօրէին, 15 ուսուցիչներու ներկայութեամբ։   Դասախօսն էր բազմավաստակ մանկավարժ, հոգեբան, ուսուցիչ, դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան Խիւտավերտեան։ Նիստը նուիրուած էր մանուկներու հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան,  նիւթ ունենալով  մանուկներու կազմութեան հանգրուանները։

Դասախօսը նախ յոյժ գնահատեց հայ ուսուցիչին աշխատանքը, շեշտեց, թէ որքան ծրագրաւորում եւ ճիգ կը խլէ այս ասպարէզը, մասնաւորաբար Ամերիկայի ներկայ պայմաններուն մէջ մայրենին դասաւանդելուն պարագային։  Ապա, անցնելով սահիկաշարի ներկայացումին, ան մանրամասնօրէն բացատրեց մանուկի կազմաւորման հանգրուանները՝ նորածին երեխայէն մինչեւ 19 տարեկան։ Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ հարց ու պատասխանով։ Ներկայ ուսուցիչները օգտակար եւ հետաքրքրական նկատեցին սոյն դասախօսութիւնը։