Լուրեր

ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ ԻՐ «ԳԱՂՏՆԻ ԱԶԳ» ԳԻՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտը հիւրընկալեց “Crossroads”ի խմբագիր Աւետիս Հաճեանը, որ ներկայացուց ու քննարկեց իր անգլերէն ծանօթ գիրքը՝ “Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey” (2018), որ վերջերս լոյս տեսած է թրքերէն եւ սպաներէն թարգմանութիւններով։ Թանգարանի տնօրէնուհի Էդիթա Կզոյեանի բացման խօսքէն ետք, բանախօսը ներկայացուց վաւերագրութեան եւ ուսումնասիրութեան բաժնի վարիչ Շուշան Խաչատրեան։ Հեղինակը իր ուսումնասիրութեան զանազան դրուագներ ներկայացուց, եզակի նկարներով ու պատմութիւններով։ Ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը։