Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԴԱՒԻԹ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ծնունդ՝ 17 Փետրուար, 1945)

Դաւիթ Յովհաննէս մաս կազմած է 1960-ական թուականներու վերջերուն ու 1970-ական թուականներու սկիզբին «Գարուն» ամսագրի շուրջ բոլորուած Հայաստանի «երիտասարդ բանաստեղծներ»ու խումբին՝ Հենրիկ Էդոյեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի, Արմէն Մարտիրոսեանի, Յովհաննէս Գրիգորեանի եւ Սլաւիկ Չիլոյեանի հետ։

Բուն անունով՝ Դաւիթ Յովհաննիսեան, ծնած է 17 Փետրուար, 1945-ին, Երեւանի մէջ։ Որդին էր բանաստեղծ Հրաչեայ Յովհաննիսեանի։ Աւարտելէ ետք Կրուպսկայայի անուան միջնակարգ վարժարանը 1962-ին, իսկ ապա՝ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղը, աշխատած է մամուլին եւ «Հայֆիլմ»ի մէջ, դասաւանդելով հին ու արտասահմանեան գրականութեան պատմութիւն տարբեր համալսարաններու մէջ։ 1975-ին, երբ լոյս տեսած է առաջին գիրքը՝ «Երգերի պսակ», անդամակցած է Հայաստանի Գրողրներու Միութեան։ 1980-1990-ական թուականներուն վարած է «Նորք» գրական ամսական յայտագիրը հեռատեսիլին մէջ, իսկ 2006-2008-ին՝ «Կէս ժամ Դաւիթ Յովհաննէսի հետ» շաբաթական յայտագիրը։ Երկար տարիներ «Արեւիկ» հրատարակչատան հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահն էր։

Դաւիթ Յովհաննէս հրատարակած է 25  բանաստեղծական հատորներ, ներառեալ մանկական գործեր։ Անոնց շարքին են նաեւ «Անցեալ կորուսեալ» (1979), «Տագնապներ» (1986), «Մայր Հայաստան» (1988), «Աղէտի գօտի» (1988), «Քրոնիկոն» (1996), «Նոր քրոնիկոն» (2007), եւ այլն։ «Նոր քրոնիկոն»ի համար 2007-ին արժանացած է Հայաստանի պետական մրցանակին։ Գրած է նաեւ հրապարակօսական յօդուածներ, փորձագրութիւններ, եւ հրատարակած՝ բազմաթիւ թարգմանական հատորներ։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ եղած է 1999-2003-ին, իսկ 2010-ին ստացած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը։ Մահացած է Երեւանի մէջ, 19 Յուլիս, 2016-ին։