ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՑՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Շաբաթ, 8 Փետրուարին, Ազգային Առաջնորդարնսի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, բանախօսներէն մէկն էր Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յայտագրի մը բացումին, «Կողբ» հիմնադրամին հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։ Դոկտ. Մատթէոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մեծանուն գրողի վաստակի վերագնահատման Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր տարբեր լեզուներով իր հրապարակումներուն բերած նպաստին Կոստան Զարեանի ժառանգութեան առաւել լուսաբանութեան։