Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՆԱԽԱՐԱՐ ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, 8 Փետրուարին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նորանշանակ նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։ Նորանշանակ նախարարը իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը իրեն վստահուած գործունէութեան սկսելէ առաջ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ու ջերմօրէն շնորհաւորեց նախարարը եւ յաջող ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց անոր։ Հայրապետը միաժամանակ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ միջ-եկեղեցական շարժումին, նոյնպէս կառավարութեան աշխատանքներուն ան պիտի բերէ իր կարեւոր ներդրումը։
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորական աստիճանը ստացած է Փարիզի համալսարանէն (Սորպոն)։ Ներկայիս դոկտ. Պայրագտարեան միջազգային յարաբերութեան եւ միջազգային օրէնքի դասախօս է Պէյրութի Ամերիկեան ու Լիբանանեան համալսարաններուն մէջ եւ Լիբանանեան համալսարանի դոկտորական բաժանմունքի քաղաքական գիտութեանց պատասխանատուն։ Նախարար Պայրագտարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամ է։ Եղած է նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, իսկ ներկայիս ատենապետն է յիշեալ խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովին։