Մեր դպրոցներէն

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐԸ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած  տնօրէններու միօրեայ երրորդ սեմինարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը  3:00 – 5:00-ին տնօրէններու եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկ. Հուրի Պոյամեանի, վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեանի եւ այլ անդամներու ներկայութեամբ։ Սոյն սեմինարը բաղկացած էր երկու մասէ։ Առաջին բաժինը կ՚ընդգրկէր դասախօսութիւն մը, նիւթ ունենալով «Քրիստոնէական եւ կրօնական  դաստիարակութիւնը հայ վարժարաններէն ներս»։ Դասախօսն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, հետաքրքրաշարժ սահիկաշարով ներկայացուց նիւթը, շեշտելով քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու կենսականութիւնը հայեցի դաստիարակութեան ծիրէն ներս։ Աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու դասախօսին։