Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻՆ, ՈՐ ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՔԻՆ ԿԱՆԳՆԻ

Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղած յատուկ նամակով շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը եւ ողջունեց խաղաղութեան համար աշխատելու անոր խոստումը:

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց նախագահին՝ ընտրապայքարի ընթացքին Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտման ու բռնագաղթին դատապարտումը, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին շեշտումը: Վեհափառ Հայրապետը նախագահին ուշադրութեան յանձնեց համայն հայութեան ցաւ ու ընդվզում պատճառող Արցախի քաղաքական ապօրէն բանտարկեալներուն, որոնց շարքին՝ նախկին նախագահներ, վարչապետներ եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Պաքուի մէջ դատավարութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ դռնփակ ու առանց միջազգային դիտորդներու ներկայութեան եւ առանց դատական յստակ գործընթացի:

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահ Թրամփին յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը մեծապէս պիտի գնահատէ զինք, եթէ անձնապէս միջամտելով՝ կոչ ուղղէ նախագահ Ալիեւին՝ շուտափոյթ կերպով եւ առանց պայմանի ազատ արձակելու բանտարկեալները։ Նման քայլ մը պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ եւ ամբողջ շրջանէն ներս խաղաղութեան գործընթացին, Արցախի հայերուն Արցախ վերադարձին գծով դրական պայմաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ շօշափելի մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ Թրամփի խաղաղութեան առաքելութեան: