ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ընդառաջելով Վատիկանի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, 31 Յունուարէն 8 Փետրուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Վատիկանի ծանօթացման 5-րդ տարուան ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհն. Պետուրեան (Արեւմտեան Թեմ) եւ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան (Արեւելեան Թեմ)։ Այս ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն, ինչպէս նաեւ արեւելեան ուղղափառ իւրաքանչիւր եկեղեցիէ երեք ներկայացուցիչ հոգեւորականներ։
Երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր ծանօթանալ անոր հովանիին տակ գործող բաժանմունքներուն, համալսարաններուն, թանգարաններուն, մատենադարաններուն ու վանքերուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան տուեալ կառոյցի պատասխանատուներուն կողմէ։
Ծրագրին մէջ յատկանշական էր Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին հետ հանդիպումը։ Այս առիթով Պապը իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ իրարու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան, փոխյարաբերութեան ու գործակցութեան հրամայականը։
Նշենք նաեւ, որ Կիրակի, 2 Փետրուարին, Հռոմի Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագ, որուն մասնակցեցան միաբան ու քահանայ հայրերը։ Ս. Պատարագը մատոյց Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռէն Արժպ. Տ. Մովսէս Քհն. Սահակեան, իսկ Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզեց Արժպ. Տ. Գարեգին Քհն. Պետուրեան։
Ծրագրի աւարտին, մասնակից հոգեւորականներուն տրուեցաւ յատուկ վկայագիր մը։