ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Կիրակի, 16 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) անուանակոչութեան տօնը։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, սարկաւագ ձեռնադրեց Յովիկ Մկրեանը եւ դպիր ձեռնադրեց 12 խորանի ծառայողներ. Հայկ Անաստասեան, Ալեսանտրօ Ֆելիչէ, Արիս Ճիվէլէկեան, Էնտրիւ Կորկիսեան, Էտի Հազարեան, Կրեկորի Քէշիշեան, Անթոնի Մարինօ, Ռաֆֆի Մկրեան, Արի Մկրեան, Արմէն Մկրեան, Էրիք Նալպանտեան եւ Աւետիս Թրթռեան։
Ս. Պատարագէն ետք, աւելի քան 150 ծխականներ հիւրասիրութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Հանդիսավար՝ Յովիկ Սրկ. Մկրեան, խօսեցաւ հաւատքի ու եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին իր կեանքին մէջ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեանի, եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Անիթա Ներսէսի խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իրենց վկայագիրները յանձնեց նոր ձեռնադրեալներուն։
Ծուխի երիտասարդները ներկայացուցին ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը ներառէը շարականներու երգեցողութիւն, երգ, պար եւ դաշնակի ու կիթառի նուագ։