ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Ընդ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, յառաջիկայ 25 եւ 26 Փետրուարին, Թեմիս հոգեւորականաց համագումար տեղի պիտի ունենայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Երկու օրերու վրայ տարածուած յայտագիրը պիտի ընդգրկէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2025 թուականը «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» յայտարարարող հռչակագրի քննարկումը եւ զայն գործնականացնելու միջոցները։ Երեկոյեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան՝ հոգեւոր հովիւ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ)։