ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՉԷ ՎՐԴ. ՊԱԼԸՔՃԵԱՆ՝ ՆՈՐ ՀՈՎԻՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ)

Կիրակի, 23 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովուութեան պաշտօնին պիտի հաստատէ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանը, որ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ։
Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան ծնած է 4 Սեպտեմբեր, 1993-ին։ 2007-2009-ին յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ընծայարանը, իսկ 2009-2013-ին՝ ժառանգաւորացը։ 2011-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ 2013-ին՝ աբեղայ։
2013-2015 ուսումը շարունակած է Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցին մէջ։ 2013-2016-ին մաս կազմած է Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ քարոզիչ նշանակուած է Լիբանանի Հայոց Թեմի տարբեր եկեղեցիներու մէջ։ 2015-2016-ին ստանձնած է կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը։ 2016-ին ստացած է վարդապետութեան չորս աստիճանները։
2013-2017-ին, Հ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան եղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անձնական քարտուղարը, միաժամանակ վարելով Դպրեվանքի հսկիչի պաշտօնը եւ դասաւանդած է կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ։
Նաեւ հետեւեալ պաշտօնները վարած է. 2017-2018-ին՝ քարոզիչ Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, 2018էն՝ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն։
Յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու, բարի գալուստ կը մաղթենք Հայր Սուրբին եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն Թեմէս ներս։